ՄԱՔՐՈՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՇՈՒՐՋ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը։ Առկայ պատերազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ անոնք ընդգծեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը այլ լուծում չունի՝ քան խաղաղ կարգաւորումը։ Ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հեռախօսազրոյցը։ Մաքրոն երէկ արդէն յայտնած է, որ շփման մէջ պիտի անցնի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն հետ։ Ֆրանսական կողմը ներկայիս կը ջանայ աշխուժացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահութեան դրութիւնը։ Մաքրոն այս ամբողջին մէջ Փութինի առընթեր կը նախատեսէ խօսիլ նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Փարիզ կը ձգտի եռանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն անունով համատեղ յայտարարութեան մը հրապարակման համար։

Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Մաքրոն-Փութին երէկուան զրոյցի ընթացքին հանգամանօրէն քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս սրուած առկայ իրավիճակը։ Լուրջ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ շարունակուող լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն կապակցութեամբ։ Փութին եւ Մաքրոն հակամարտ կողմերուն կոչ ուղղեցին՝ շուտափոյթ եւ ամբողջութեամբ դադրեցնել կրակը, նուազեցնել լարուածութիւնը եւ ցուցաբերել առաւել զսպուածութիւն։ Անոնք ընդգծեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը քաղաքական եւ դիւանագիտական ճանապարհով լուծումէն բացի, չունի ուրիշ այլընտրանք մը։ Այս համատեսքին մէջ դիտարկուեցան ապագայ համագործակցութեան յստակ չափորոշիչներ՝ առաջին հերթին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափին մէջ։ Պատրաստակամութիւն յայտնուեցաւ, որպէսզի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի ղեկավարներու անունով յայտարարութիւն մը կատարուի՝ զինեալ դիմակայութեան անյապաղ դադրեցման եւ բանակցային գործընթացի վերսկսման ի նպաստ։ Մաքրոն եւ Փութին համաձայն գտնուեցան ապագայ շփումներու շուրջ։

Այսօր կը սկսի Եւրոմիութեան գագաթաժողովը, որու ընթացքին եւս օրակարգի վրայ կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ Կը նախատեսուի, որ Էմմանիւէլ Մաքրոն ԵՄ-ի գագաթաժողովին ժամանակ անդրադառնայ ստեղծուած իրավիճակին։ Հաւանական է, որ գագաթաժողովէն վերջ ԵՄ հանդէս գայ յայտարարութիւնով մը։

Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել գագաթաժողովի սկիզբին երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ան կապ հաստատեց նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ ԵՄ կ՚ենթադրէ իր յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղել, որպէսզի երրորդ երկիրներ չմիջամտեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ընթացքին։ Բաց աստի, ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելն ալ երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Նոյն օրակարգով Ժոզէֆ Պորել քննարկում մըն ալ ծաւալած է նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ ԵՄ-ի անդամ երկիրներէն Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լուիճի տի Մայօ եւս երէկ յայտարարութիւն մը ըրաւ Արցախի հիմնախնդրին շուրջ՝ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախաար Մայք Փոմփէոյի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ։ Իր խօսքով՝ անհրաժեշտ է վերսկսիլ բանակցութիւնները՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակէն ներս։

Էմմանիւէլ Մաքրոն Փութինի հետ զրուցելէ առաջ երէկ օրուան տեւողութեան զանազան յայտարարութիւններ ըրաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ։ Ան քննադատութիւններ հասցէագրեց նաեւ Թուրքիոյ դիրքորոշման համար։ Անգարա-Փարիզ առանցքի վերջին շրջանի ցրտութեան համայնապատկերին վրայ ան նշեց, որ անընդունելի են Թուրքիոյ կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները՝ ի նպաստ Ատրպէյճանի։ Ֆրանսացի ղեկավարը այս բոլորը որակեց վտանգաւոր եւ անշրջահայեաց։ Ըստ իրեն, Ֆրանսա անընդունելի կը համարէ, որ այդպիսի նեցուկով մը Ատրպէյճան փորձէ գրաւել Արցախը։ Այս քննադատութիւններով հանդերձ, Մաքրոն յայտնեց նաեւ, որ ռազմական գործողութիւններուն Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութեան մասին տուեալներ չկան։ Արցախի առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ ան կոչ ուղղեց նաեւ հայ ժողովուրդին։ «Հայե՛ր, Ֆրանսա կ՚ունենայ իր դերակատարումը եւ մենք զգօն կ՚ըլլանք ընտանիքներու, ժողովուրդի, ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի համար։ Մենք չենք ընդունիր որեւէ յայտարարութիւն, որ լարուածութիւն կը հրահրէ», ըսաւ Մաքրոն։

Ռիկայի մէջ երէկ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Մաքրոն ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Արդէն պարզուած է, որ հրետակոծութիւնը իրականացուած է Ատրպէյճանի կողմէ։ Ես պահանջեցի, որ այդ յարձակումը դադրեցուի եւ յստակօրէն դատապարտեցի այդ քայլը։ Այդ գործողութիւնները մենք անհամաչափ կը դիտարկենք՝ հակառակ այն իրողութեան, որ սահմանին ու ամբողջ տարածքաշրջանին մէջ միշտ եղած են բախումներ։ Մենք գիտենք, թէ ինչ կը կատարուէր յուլիս ամիսէն ի վեր, բայց եւ այնպէս ես կը շարունակեմ զգուշութեամբ անդրադառնալ խնդրին։ Կիրակի օր պարզուած է, որ հարուածը հասցուած էր Ատրպէյճանի կողմէ»։

Իր կարգին, Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտն ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի Արցախի ճակատին վրայ կրակը դադրի։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2020