ԵԱՏՄ-Ի ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՔԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն զուգահեռ կազմակերպուած է նաեւ Եւորասիոյ տնտեսական երրորդ համաժողովը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի արտաքին առեւտուրին տեսակէտէ ԵԱՏՄ յառաջատար գործընկեր կը հանդիսանայ։ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին առթիւ Երեւան կ՚այցելեն Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին եւ ԵԱՏՄ-ի անդամ միւս երկիրներու վարչապետները։

Հարկ է նշել, որ Միշուսթին Երեւան հասնելէ առաջ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի եւ առաջին փոխ-նախագահ Մուհամմէտ Ռըզա Արիֆի կողմէ։

Երեւանի մէջ նախատեսուած է Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի արդէն 40-րդ նիստը, որուն մասնակիցները կը հիւրընկալուին նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024