ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԵՄ ՍԻՄՈՆԵԱՆԸ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի համահիմնադիր Սեմ Սիմոնեանն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս գործունէութիւն ծաւալող ընկերութեան համահիմնադիր Էլի Աքիլեանը։ Հարկ է նշել, որ Սեմ Սիմոնեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մասնակցեցաւ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութեան։ Միեւնոյն ժամանակ ան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան ընտրեալ-նախագահն է։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց Սեմ Սիմոնեանի եւ Էլի Աքիլեանի գործունէութիւնը Հայաստանէն ներս։ Ան ընդգծեց ԹՈՒՄՕ կեդրոններու զարգացումն ու բոլոր մարզերէ ներս նման կեդրոններ հիմնելու կարեւորութիւնը։ Վարչապետին խօսքով՝ Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մին է գիտելիքայեն տնտեսութեան զարգացումը ու այդ համատեսքին մէջ ան կարեւորեց կրթութեան ոլորտէն ներս ծրագրերու իրականացումը։

Իր կարգին, Սեմ Սիմոնեան նշեց, որ իրենց նպատակն է ԹՈՒՄՕ կեդրոններու հիմնումը ամբողջ Հայաստանէն ներս։ Սիմոնեան ընդգծեց Հայաստանի կառավարութեան հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան փաստը։ Իր խօսքով՝ յառաջիկային եւս պատրաստ են նոր ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ համագործակցութեան՝ ներառեալ կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառները։

Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման, ինքնութեան պահպանման, Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման ապագայ քայլերուն եւ այլ հարցերու շուրջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024