ՍԻՊԻԼ ՊՐԱԶԻԼ ԿԸ ՄԵԿՆԻ՝ ՀԲԸՄ-Ի ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ կը պատրաստուի այցելել Պրազիլ։ Ամսավերջին՝ հոկտեմբերի 28-ին, Սաու Փաուլոյի մէջ նախատեսուած է Սիպիլի համերգը՝ հռչակաւոր դաշնակահար Սերուժ Գրաճեանի հետ։ Սիպիլի եւ Սէրուժ Գրաճեանի մասնակցելիք երեկոյթը կազմակերպուած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Պրազիլի մասնաճիւղի հաստատման 60 ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Երեկոյթը տեղի պիտի ունենայ Սաու Փաուլոյի «Թէաթրօ Ունիմետ»ի երդիքին տակ։

Այս ձեռնարկին զուգահեռ՝ նախատեսուած է պարգեւատրումը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ թեմի նուիրեալ սպասաւորներէն Տ. Եզնիկ Քհնյ. Կիւզէլեանի, որ նախկին պոլսահայ մըն է։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024