ՎԱԼԱՆՍԻ ՄԷՋ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԴԷՊՔ

Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ մեծ կռիւ մը ծագեցաւ՝ հայկական եւ թրքական ֆութպոլի խումբերու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դէպքը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, երբ թրքական «Թուրքուազ» եւ հայկական «ՀՄԸՄ-Վալանս» խումբերը կ՚ունենային հանդիպում մը։ Շրջանային առաջնութեան ծիրէն ներս հերթական հանդիպում մըն էր այս մէկը, որու առաջին խաղակէսին «ՀՄԸՄ-Վալանս» 2-0 հաշուով առաւելութեան հասած էր։ Ֆրանսահայ լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ թրքական ակումբի համակիրները խաղակէսին ներխուժած են մարզադաշտ՝ յարձակելով հայկական ակումբի մարզիկներուն վրայ։ Դէպքին հետեւանքով հայ խաղացողներէն երկուքը վիրաւորուած են ծայրայեղ ծանր ձեւով։

Ֆրանսական լրատուամիջոցներն ալ արձագանգած են այս դէպքին՝ խնդիրը մատուցելով ցեղային գետնի վրայ յարձակման որակաւորումով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024