ՎԱՀԱՆ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ «ԱՆԱՏՈԼՈՒ» ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՐԱՒ ԿԱՐՍ-ԿԻՒՄՐԻ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻՆ ՄԱՍԻՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Ան նշեց, որ հայկական կողմը ուրախ է յարաբերութիւններու կարգաւորման դրական թափով, սակայն, կը կարծէ, թէ շատ աւելին կարելի է ընել այդ ուղղութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Վահան Կոստանեան ներկայ էր՝ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի միջեւ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպման։
Յիշեալ գործակալութիւնն ալ ընդգծած է, որ Կոստանեանի կողմէ արտայայտուած դիրքորոշումը կը յաջորդէ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած Էրտողան-Փաշինեան հանդիպման։
«Մենք ուրախ ենք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման դրական թափով, բայց, մենք կը հաւատանք, թէ շատ աւելին կարելի է ընել՝ յատկապէս, երբ խօսքը յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման, սահմանի բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման մասին է», ըսաւ փոխ-նախարարը եւ երկու երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումը որակեց բաւական դրական քայլ մը։ Արդարեւ, անոնք պատրաստակամութիւն ցուցաբերած են իրարու դիրքորոշումները հասկնալու։
Վահան Կոստանեան յիշեցուց երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագիրի տէր անձերու համար սահմանի բացման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնը, որ գոյացած էր տակաւին 2002 թուականի յուլիսին Վիեննայի մէջ։ «Մենք անգամ մը եւս վերահաստատեցինք, որ հայկական կողմը պատրաստ է։ Մենք կատարած ենք անհրաժեշտ բոլոր ենթակառուցուածքային ու թեքնիք նախապատրաստական աշխատանքները եւ մենք պատրաստ ենք անցնիլ պայմանաւորուածութեան իրականացման», ըսաւ ան։
Վահան Կոստանեան լաւատեսութիւն յայտնեց, նաեւ ապագայ հաւանական համագործակցութեան վերաբերեալ՝ մասնաւորապէս Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագործարկման առումով։ Ան համոզուած է, թէ սա տնտեսական օգուտներ կը բերէ ո՛չ միայն Հայաստանին եւ Թուրքիոյ, այլեւ՝ աւելի լայն տարածաշրջանին։
«Մենք գիտենք, թէ լոժիստիք շղթաներէն շատերը ներկայիս արգելափակուած են կամ պատշաճ ձեւով չեն օգտագործուիր եւ Կարս-Կիւմրի երկաթգիծը կրնայ նոր դարպաս մը դառնալ Հայաստանի համար՝ դէպի Եւրոպա, իսկ Թուրքիոյ համար՝ դէպի Կեդրոնական Ասիա, դէպի Չինաստան», ըսաւ փոխ-նախարարը եւ աւելցուց, որ շատ աւելին կարելի է ընել եւ սա կարելի է ընել աւելի արագ։
Հուսկ, ան կրկնեց հայկական կողմի պատգամը, որ հասցէագրուած է զանազան թուրք գործընկերներու։ «Գործելու ժամանակը հիմա է։ Մենք պէտք չէ ժամանակ կորսնցնենք», ըսաւ Կոստանեան։