ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՈՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ
Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ.-
Նախատեսուածին պէս Լիբանանի խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան 46-րդ նիստով զօրավար Միշէլ Աունը ընտրեց երկրի 13-րդ նախագահ: Զօրավարին ընտրութիւնը արդիւնքն էր ոչ միայն ներքին քաղաքական համաձայնութիւններու, այլ կը դառնար շրջանային մեծ հարցերու լուծման համար յուսատու ջահ մը:
Միջին Արեւելեքի արիւնալի փոթորիկներուն մէջ Լիբանան խարիսխ կը նետէր ապահով ափ եւ ձեւով մը կը ծանուցուէր, որ յառաջիկայ հանգրուանը պիտի դառնայ համայձայնութիւններու նոր փուլ:
Աուն իրմէ առաջ ընտրուած երեք զօրավար-նախագահներէն ետք պիտի դառնայ պետական հաստատութիւններու դերը ամրացնել միտող նախագահ մը:
Հանրային գործունէութեան ասպարէզի իր կարեւորագոյն օրերը բանակին մէջ կազմաւորած՝ լիբանանեան բանակի այս նախկին զօրավարը ներլիբանանեան համայնքային համերաշխութեան դրօշակով Պաապտայի պալատ հասաւ։ Յստակ է նաեւ, որ անոր վստահուած կարեւոր դեր մըն ալ գոյութիւն ունի մասնաւորապէս մեղմացնելու համար սիւննի-շիի «լուռ հակամարտութեան» հրդեհներուն լեզուները:
Բաց աստի, կայ նաեւ Արեւմուտքի ու յատկապէս Եւրոպայի եւ Իրանի միջեւ հասարակ յայտարարի դեր կատարելու գործը, որ Լիբանանի նախագահին համար պիտի ըլլայ նախընտրելի դեր մը, անշուշտ իր կողքին ունենալով սիւննի առաջնորդ եւ յառաջիկայ օրերուն երկրի վարչապետ դառնալ պատրաստուող Սաատ Ռաֆիք Հարիրին:
Հետաքրքրական է, որ Աուն իր վերջին շրջանի ճառերուն մէջ ալ հանրութեան կը ներկայանայ որպէս չափաւորական, շրջահայեաց եւ բոլոր կողմերուն հետ լեզու գտնել փորձող ղեկավար մը:
Միւս կողմէ նախագահի ընտրութեան ընդհանուր պատկերին վրայ պէտք է անպայման շեշտադրել Մոսկուայի ունեցած կարեւոր դերը: Այս կէտին վրայ պէտք չէ մոռնալ Սաատ Հարիրիի շուրջ ամիս մը առաջ Մոսկուա կատարած այցը եւ հոն կատարուած բանակցութիւնները, որոնց առաջին պտուղը պէտք է համարել նախագահի ընտրութիւնը:
Արեւմուտքի եւ Միացեալ Նահանգներու հանդէպ մեծ վերապահութիւններ ունեցող լիբանանցի զօրավարը, նախքան նախագահ դառնալը, ունէր բաւականին արմատական տեսակէտներ: Սակայն այսօր իրադրութիւնը այլ է: Իր ամենամօտիկ շրջանակներուն խօսքով՝ Աուն դադրած է կողմի մը, կուսակցութեան մը, դաւանանքի մը ներկայացուցիչը ըլլալէ ու ան դարձած է (կամ պիտի դառնայ) բոլոր լիբանանցիներուն հայրը:
«Փրկիչ» ըլլալու տեսլականով ճանապարհ ելած Աուն այսօր կարեւոր քննութիւններու առջեւ կանգնած է։ Անոր ընտրութիւնը շրջանային համաձայնութիւններու նոր պատուհան բացած է։ Սակայն պէտք է անպայման ընդգծել, թէ յատկապէս ներլիբանանեան օրակարգերուն վերաբերեալ անոր արագ եւ կտրուկ քայլերը եթէ ուշանան, շատ արագ կրնայ անոր պատկերը այլայլիլ ու մէկ օրէն միւսը բոլորին սիրելի նախագահը ըլլալու փոխարէն դառնալ բոլորին կողմէ մերժուած ու ձախող նախագահ մը:
Յառաջիկայ օրերը յղի են Լիբանանի համար ու առաջին քննութեան կայարանը նոր կառավարութեան մը կազմութեան օրակարգն է, որուն մասին նախագահ Աուն մասնաւորապէս իր վստահելի գործընկերներուն յայտնած է, թէ այդ աշխատանքը շատ արագ կերպով իրականութիւն պիտի դառնայ:
Ամէն պարագայի երէկ երեք ընտրական նստաշըր-ջաններէ ետք 83 քուէներով նախագահ ընտրուած զօրավար Աունի Լիբանանը մտած է նոր փուլ մը, որուն հիմնական օրակարգը ներքին ամրացման կողքին, պիտի ըլլայ շրջանային համաձայնութիւններու համար նոր ճանապարհներ պատրաստելը:
Երեւան