Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսները Ռաքքայի մէջ

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-

Ս. Եա­գուպ վան­քի գլխա­ւոր մայ­րա­պետ Մայր Ագ­նէ­սի փո­խանց­մամբ 2013-էն ի վեր Հա­լէ­պի  մէջ ա­ռե­ւան­գուած եր­կու ե­պիս­կո­պոս­նե­րը տա­կա­ւին ողջ են եւ կը գտնուին Ի­ՇԻՊ-ի կեդ­րո­նա­տե­ղի հա­մա­րուող՝ Ռաք­քա­յի մէջ:

Մայ­րա­պե­տը, որ նա­խըն­թաց օր Մոս­կուա­յի մէջ կա­յա­ցած մամ­լոյ ա­սու­լիս մը տուած է՝ յայտ­նած է, թէ Յոյն Ող­ղա­փառ հա­մայն­քի Պատ­րիար­քա­րա­նի (կեդ­րո­նա­տե­ղին՝ Դա­մաս­կոս) տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, ա­ռե­ւան­գուած­ներ՝ Եո­հան­նա Իպ­րա­հիմ (Հա­լէ­պի Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փառ հա­մայն­քի ե­պիս­կո­պոս) եւ Պու­լոս Եա­զը­ճի (Հա­լէ­պի Յոյն Ող­ղա­փառ հա­մայն­քի ե­պիս­կո­պոս) կը գտնուին Ռաք­քա­յի մէջ: Ան ա­ւել­ցու­ցած է, թէ ե­կե­ղե­ցին կ՚ա­ղօ­թէ եւ կ՚ակն­կա­լէ, որ ե­պիս­կո­պոս­նե­րը ա­զատ ար­ձա­կուին նախ­քան՝ Ռաք­քա­յի վճռա­կան յար­ձակ­ման սկսի­լը: Ան­ցեալ Դեկ­տեմ­բե­րին, եր­կու ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն՝ Իպ­րա­հի­մի եւ Եազը­ճիի (Յոյն ուղ­ղա­փառ­նե­րու  ներ­կայ Եո­հան­նա Եա­զը­ճիի եղ­բայ­րը) մա­սին փո­խան­ցուած տե­ղե­կագ­րեր յայտ­նած են, թէ սրբա­զան­նե­րը մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կուած են: Ա­ւե­լի ուշ սա­կայն ե­կե­ղե­ցա­կան աղ­բիւր­ներ ժխտած են այդ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը եւ հաս­տա­տած՝ թէ ա­ռե­ւան­գուած­նե­րը տա­կա­ւին կեն­դա­նի են:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2016