ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ մտաւորական Հրայր Ճէպէճեանի կողմէ հրատարակուած «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս գինեձօնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ հեղինակը։ Հրայր Ճէպէճեանի այս գիրքը բաւական կատարեալ պատկեր մը կը ցոլացնէ հայոց սփիւռքի այժմու կացութեան տեսակէտէ։ Արդարեւ, հեղինակը ասպարէզի բերումով յաճախակի ուղեւորութիւններ կ՚իրականացնէ աշխարհով մէկ եւ իւրաքանչիւր այցելած վայրին մէջ իր ուշադրութենէն չեն սպրդիր տեղւոյն հայերը։ Գիրքի բովանդակութեան հետ ուղիղ համեմատութեամբ Երեւանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսն ալ եղաւ իսկապէս հետաքրքրական ձեռնարկ մը։

Ներկաներուն սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց նախարարին օգնականը՝ Վաղարշակ Յակոբեան: «Հրայր Ճէպէճեան գործիչը կը ներկայանայ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ որպէս հայրենասէր հայ, քրիստոնէական սկզբունքերը որպէս ճշմարտութիւն դաւանող մարդ, լայնախոհ աստուածաբան, Աստուածաշունչի գիտակ ու մարդասէր: Պարո՛ն Ճէպէճեան, Դուք պատուելի ներկայութիւն էք Հայաստանի՝ Ձեր հայրենիքին մէջ», ըսուած էր նախարարի պաշտօնակատարի խօսքին մէջ:

Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» մանկավարժական համալսարանի Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի վարիչ Սուրէն Դանիէլեան ընդգծեց գիրքի հրապարակախօսական արժէքը։ Ան բարձր գնահատեց նաեւ գիրքին մէջ հայապահպանութեան ուղղուած պատգամներու, ազգային, հոգեւոր, համամարդկային մտորումներու առկայութիւնը:

Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Էդիկ Մինասեան գիրքը համարեց հայու գոյապայքարի աշխատութիւն ու ըսաւ. «Հեղինակը պարզ ու անմիջական լեզուով կը խօսի հայու հետ եւ մենք կը կարդանք երկու հայու անկեղծ երկխօսութիւնը»:

Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան մամուլի եւ հրատարակչական բաժինի վարիչ Անդրանիկ Մարտոյեան գիրքը ներկայացուց այնտեղ նկարագրուած քանի մը հայերու պատմութիւնները վերլուծելով: «Գիրքին մէջ դիմանկարները այնպէս ներկայացուած են, կարծես պատկերասրահի մը սրահէն կ՚անցնիս միւսը», ընդգծեց բանախօսը:

Գիրքին վերաբերեալ ելոյթներ ունեցան նաեւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան բաժանմունքի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, գրքի համադրող-խմբագիր Արտա Ճէպէճեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառի գիտաշխատող Միհրան Մինասեան:

Ապա շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ գիրքին հեղինակը՝ Հրայր Ճէպէճեան։

Շնորհանդէսը իր օրհնութեան խօսքով ամփոփեց Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018