ՄԱՄԷՏԵԱՐՈՎԻ ՅԱՆԴՈՒԳՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով Իսթանպուլի մէջ բաւական յանդուգն ու ծայրայեղ մեկնաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի մասին։ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հաւաքէն վերջ ան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ նախատեսուած արտահերթ ընտրութեան շուրջ։ Ըստ տեղական մամուլի հաղորդումներուն, Մամէտեարով ըսաւ.

«Դեկտեմբերի 9-ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան ընտրութիւններ։ Չեմ գիտեր, թէ ո՛վ պիտի յաղթէ այդ ընտրութիւններու արդիւնքին։ Սակայն, եթէ յաղթողը ամուր զօրակցութեան մը արժանանայ, որքան շատ քուէ շահած ըլլայ՝ սա պիտի ապացուցանէ անոր նկատմամբ Հայաստանի ժողովուրդի վստահութիւնը։ Եթէ Հայաստան չկարողանայ բնականոն հարեւանութեան քաղաքականութիւն մը վարել, ապա անոր անկախութիւնը կը հարցաքննուի»։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018