ՄԵԼՈՏԻ ԷՕԶԷՐ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆԱԿԱՆ ԿԱՃԱՌԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի նոր սերունդի խոստմնալից իրաւաբաններէն Մելոտի Էօզէր վերջերս ընդունուած է Իսթանպուլի փաստաբանական կաճառ։ Ան հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին կաճառի նախագահին ձեռամբ ստացած է անդամակցութեան վկայականը։

Մելոտի Էօզէր նախակրթութիւնը ստացած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Մանուկեան-Տեմիրճեան» վարժարանին մէջ, Լոս Անճելըս։ Վերադառնալով քաղաքս՝ լիսէն աւարտած է՝ «Էնքա» մասնաւոր վարժարանին մէջ։ Բարձրագոյն ուսման փուլին ան արձանագրած է փայլուն յաջողութիւն՝ նոյնաժամանակ հետեւելով երկու ճիւղի։ Էօզէր աւարտած է «Պիլկի» համալսարանի ընկերաբանութեան բաժինն ու «Ալթընպաշ» համալսարանի իրաւաբանութեան ֆաքիւլթէն։ Յաջող սթաժի շրջան մըն ալ բոլորելով՝ գործնական գետնի վրայ կատարելագործած է իր տեսական գիտելիքները։ Այս բոլորէն վերջ, Մելոտի Էօզէր իրաւունք շահած է անդամակցելու Իսթանպուլի փաստաբանական կաճառին եւ իրեն շնորհուած է՝ որպէս իրաւաբան գործելու համար անհրաժեշտ թոյլտուութեան վկայականը։ Ան ներկայիս «Քոչ» համալսարանէն ներս կը հետեւի մագիստրոսական ծրագրի՝ մասնաւոր իրաւունքի վրայ։ Ուսումնական կեանքի նուաճումներուն առընթեր, Էօզէր աշխուժօրէն ներգրաւուած է նաեւ ընկերային կեանքին, ունի մշակութային զբաղումներ՝ ըլլալով իր սերունդի լաւ պատրաստուած երիտասարդուհիներէն մին։

Հարկ է նշել, որ Մելոտի Էօզէր թոռնուհին է յայտնի համայնքային բարերար Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլի։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք զինքը՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։ Կը շնորհաւորենք նաեւ իր ամբողջ ընտանիքը, որ արդար ուրախութիւն կ՚ապրի իր վերելքով։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018