ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Մինսքի մէջ կազմակերպուած՝ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի (Munich Security Conference) Հիմնական խումբի (MSC Core Group) հանդիպման՝ Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութիւններու քննարկման նուիրուած կլոր սեղանին։ Հաւաքի բացման Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Քննարկումները վարեց Միւնիխի անվը-տանգութեան միջազգային համաժողովի նախագահ Վոլֆկանկ Իշինկէր:

Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի Հիմնական խումբը միջազգային անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու քննարկման ազդեցիկ եւ ներկայացուցչական հարթակ մըն է եւ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ բարձրաստիճան մասնակիցներուն անդրադառնալ միջազգային անվտանգութեան քաղաքականութեան կարեւորագոյն հարցերուն:

Նախագահ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ նաեւ ի պատիւ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի Հիմնական խումբի հանդիպման մասնակից պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն կազմակերպուած ընդունելութեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան այսօր ելոյթով մը հանդէս կու գայ տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու վերաբերեալ քննարկման ժամանակ։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան Մինսքի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէրի հետ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018