ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԲԱԳՐԱՏԵԱՆ ՅՈՌԵՏԵՍ

Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Հրանդ Բագրատեան սուր քննադատութիւններ հասցէագրեց այժմու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ երկրի նոր ղեկավարութեան։ news.am-ի հաղորդումներով, Հրանդ Բագրատեան 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագծի լոյսին տակ ըրաւ այդ յայտարարութիւնները։ Իր խօսքով՝ 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագծով «ծրագրուած է» աւելի մեծ փտածութիւն։

Հրանդ Բագրատեան մատնանշած է զանազան պնդումներ, ըստ որոնց որեւէ պիւտճէի նախագիծ չէ քննարկուած՝ արտահերթ ընտրութիւններու պատճառով։ «Ի՞նչ երաշխիք կայ, որ նոր «ժողովրդական» խորհրդարանը աւելի «կատարեալ» պիւտճէ մը պիտի չընդունի», հարց տուած է Հրանդ Բագրատեան։

Բաց աստի, նախկին վարչապետը ամենակարեւորը համարած է հետեւեալը. նոր պիւտճէի նախագծով կ՚ենթադրուի հարկերու եւ համախառն ներքին աճի յարաբերակցութիւնը 22.2 տոկոսէն (2017 թուական) իջեցնել 22.1 տոկոսի (2018 թուականի կատարողականը կառավարութիւնը գնահատած է 21.9 տոկոս, այստեղ ալ ահռելի անկում մը կայ 2018 թուականի առաջին չորս ամիսներու բաղդատմամբ)։ Բագրատեան շարունակեց.

«Կ՚ուզեմ նշել, որ հարկերու եւ համախառն ներքին աճի ցուցանիշի իջեցումը գրեթէ առանց բացառութեան կը վկայէ, որ իրականութեան մէջ փտածութեան (կաշառակերութեան) դէմ որեւէ պայքար չկայ։ Ընդհակառակն՝ «ծրագրուած է» աւելի մեծ փտածութիւն։ Կը յուսամ, թէ Նիկոլ Փաշինեան սա դիտմամբ չէ ըրած։ Ան այս բանին համար պէտք է պատժէ ելմտական նախարարը։ Աճապարեցէք ընտրութիւններու համար յարգելիներս, այլապէս ձեր վարկանիշէն քանի մը ամիս յետոյ ոչինչ կը մնայ»։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018