ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ

Հայաստանի մէջ յառաջիկային տեղի պիտի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Զուգահեռաբար յառաջ կը տարուին նաեւ աշխատանքներ՝ բարեփոխելու համար Ընտրական օրէնսգիրքը։ Սա պատրաստութեան շրջան մըն է եւ կարեւոր հնարաւորութիւն մը՝ կատարելագործելու համար ընտրական համակարգը։ Կառավարութիւնը այս փուլին կը ձգտի ապահովել նաեւ Եւրոխորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովի եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւանց գրասենեակի համագործակցութիւնը։

Այս մթնոլորտին մէջ, երէկ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ ԵԽ-ի Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճաննի Պուքիքօ, որ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Ան յայտնեց, որ Վենետիկի յանձնաժողովը կ՚ողջունէ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութիւնները՝ Ընտրական օրէնսգրքի բարեփոխման ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018