«ԱՐԱՍ»ԷՆ ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց «Memleket Meselesi» անուն գիրք մը, որու հեղինակն է յայտնի գրող Մկրտիչ Մարկոսեան։ Այս գիրքը կը բովանդակէ՝ քրտական հարցի վրայ հեղինակի գրութիւնները։ Հարկ է նշել, որ Մկրտիչ Մարկոսեանի կողմէ 2011-2018 ժամանակաշրջանին «Էվրենսել» թերթին մէջ գրի առնուած յօդուածներէն ոմանք կողքի մը տակ հաւաքուած են այս գիրքով։ Օնուր Քոչեիղիթի կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած է այս գործը, որու կողքի ձեւաւորումը կատարուած է Մելիսա Արսէնեանի կողմէ։ Մկրտիչ Մարկոսեան այս յօդուածներով քրտական հարցին կապակցութեամբ խորհրդածութիւններ ըրած է՝ իր փորձառութեամբ եւ ուրոյն տեսակէտներով։
Բաց աստի, «Արաս» վերջերս հրատարակած է նաեւ «Amida՚nın Sofrası» անուն գիրք մը եւս, որու հեղինակն է Սիլվա Էօզերլի։ Այս գիրքը Տիարպաքըրի պատմութիւնը կը ցոլացնէ խոհանոցի միջոցաւ։