ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-

Նշելու համար անմահ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը, Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ Սահակ-Մեսրոպ մշակութային կեդրոնը եւ Պոլսահայոց միութիւնը միասնաբար, կիրակի, հոկտեմբեր 27-ի յետմիջօրէին, կազմակերպած էին յոբելենական համերգ մը, զոր կրնանք անվարան արտակարգ որակել, չըսելու համար բացառիկ։ Որոշեալ ժամէն առաջ, ոչ միայն եկեղեցւոյ նստարանները, այլեւ ատեանը դրուած աթոռները գրաւուած էին. շատեր ալ մնացին ոտքի վրայ։ Խորանը փակող վարագոյրին վրայ զետեղուած էր պաստառ մը, որու վրայ լուսարձակով տողանցեցին հէգ Վարդապետին լուսանկարները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պատմական վանքերուն եւ հայրենի բնութեան գողտրիկ այլ տեսարաններ։

Ձեռնարկը, որուն ներկայ էին Վաղարշապատի (Էջմիածին) քաղաքապետուհի Տիանա Գասպարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Ռուբէն Խարազեան, Տէր Վարդավառ, Տրդատ, Արշէն եւ Արամ քահանաները, սկսաւ շատ յուզիչ դրուագով մը։ Լսուեցաւ հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ սկաւառակի վրայ ձայնագրուած Կոմիտաս Վարդապետի ձայնը, որ հինցած սկաւառակներէ ձայներիզի վրայ քաշուած ըլլալով՝ շատ հեռու էր անոր իրական ջինջ ձայնէն։ Ապա, հայերէն եւ ֆրանսերէն ներածական կարճ ուղերձ մը խօսեցաւ կեդրոնի տնօրէն եւ «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբի խմբավար Խաչիկ Եըլմազեան, մեծանուն Վարդապետը բնութագրելով որպէս հայ երաժշտական դպրոցի հիմնադիր եւ հայկական երաժշտութեան դեսպան՝ եւրոպացիներու մօտ։

Գործադրուեցաւ ճոխ եւ տեսակաւոր յայտագիր մը բաղկացած՝ մեներգներէ, խմբերգներէ, մենանուագներէ, միջանկեալ արտասանութիւններով համեմուած։ Նախ, ծանր «Խորհուրդ խորին»ի մեկնաբանութիւնով ծանօթ երգչուհի եւ երաժշտութեան դասախօս Արմենուհի Խաչիկեան բացաւ համերգը. յաջորդեց «Ալագեազ»ը եւ «Շողեր ջան»ը, ծանօթ ասմունքող Անի Յովսէփեանի մէջընդմէջ արտասանութիւններով ճոխացած։ Խաչիկ Եըլմազեանի դուստրը՝ Անի եւ թոռնուհին Անահիտ (առաջինը թաւափողով եւ երկրորդը տաւիղով) մեկնաբանեցին «Չինար ես», «Քելէ՜, քելէ՜» եւ «Կաքաւիկ» գողտրիկ կտորները։ Եթէ Անի Եըլմազեան Փարիզի երաժշտանոցի երգի առաջին մրցանակակիր է, իր պարմանուհի աղջիկը՝ Անահիտ, արդէն Լիմոժի տաւիղի միջազգային մրցում մը շահած է հազիւ տասներեք տարեկանին։ Ապա, ջութակահարներ Ալեքսանտր Շիրինեան (Մարսէյլի երաժշտանոցի Ա. մրցանակ) եւ Ժան-Քլոտ Պետիկեան (նոյնպէս Մարսէյլի երաժշտանոցի Ա. մրցանակ) ընկերակցութեամբ դաշնակահարուհի Վարդուհի Թանկալեանի (ինքն ալ երաժշտանոցի Ա. մրցանակակիր) մեկնաբանեցին Կոմիտասի զանազան կտորներէն։ Դարձեալ մեներգեց Արմենուհի Խաչիկեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Վարդուհի Թանկալեանի։

Ապա, ելոյթ ունեցաւ «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Խաչիկ Եըլմազեանի, որ նախ եկեղեցական երգեր՝ «Ո՜վ զարմանալի», «Այսօր ձայնն հայրական», «Հոգի Աստուծոյ», «Քրիստոս ի մէջ» եւ «Տէր ողորմեա՛»ն մեկնաբանեց խոր ապրումով։ Վերջաւորութեան, «Ձիգ տու քաշի՛»ն մեզ տարաւ հարիւր եւ աւելի տարիներ ետ, հայ շինականին հետ արիւն քրտինքով հայրենի հողը հերկելու «ախպեր ջան» դարձած եզներով քաշուած արօրով՝ յուզիչ, շա՜տ յուզիչ պահեր պարգեւելով մեզի, բարձր կատարողականութեամբ։ Կարելի չէ հայ ըլլալ եւ կոմիտասեան երաժշտութիւնը ունկնդրելով յագենալ կամ ձանձրանալ, նոյնիսկ ամէն օր զանոնք լսելով։ Բացման խօսքին մէջ Խաչիկ Եըլմազեան լսարանէն խնդրեց, որ նկատի առնելով եկեղեցւոյ սրբատեղիի հանգամանքը, ամէն կտորի չծափահարուի. լսարանը զինք լսեց եւ վերջաւորութեան վերապահեց իր բուռն եւ երկար ծափահարութիւնները։

*

Վայել էր որ մեծն Կոմիտաս Վարդապետի յոբելեանը տօնուէր համագաղութային տարողութեամբ, ընդարձակ սրահի մը մէջ (օրինակ՝ Palais des Congrès-ն), ակադեմական լայն բաժինով մը եւ օտարներու ներկայութեամբ։ Որովհետեւ, եթէ Կոմիտաս Վարդապետ համամարդկային արժէք է, եթէ չգիտնանք օտարին զայն «ծախել», մեր ձեռնարկները մեծ նպատակի մը հասած չեն ըլլար։ Ցաւօք այդպէս չեղաւ։ Հայաստանի անկախութենէն երեսուն տարի ետք տխուր է հաստատել, որ մարսէյլահայութիւնը տակաւին չէ սորված իրարու ձեռք մեկնել, միասին ծրագրել ու գործել. թէ Պաղ պատերազմէն ժառանգ մնացած՝ այս իմ կալուածս է, հոս ես թագաւորիկ եմ առանձին գործելու հիւանդագին հոգեբանութենէն բան չէ փոխուած...

Յամենայնդէպս, պէտք է շնորհակալ ըլլանք Սահակ-Մեսրոպ մշակութային կեդրոնին եւ Պոլսահայ միութեան, որ այս սքանչելի համերգով մարսէյլահայութեան պատիւը փրկեցին, անոր «երեսը ճերմկցուցին», ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական խօսքը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2019