ՓՐՈՔՈՓԻՍ ՓԱՒԼՈՓՈՒԼՈՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ յառաջիկայ օրերուն Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան, իր տիկնոջ՝ Վլասիա Փաւլոփուլոսի հետ։

Նոյեմբերի 5-ին պիտի սկսի այս պաշտօնական այցելութիւնը, որու ծրագիրը սկիզբ պիտի առնէ դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնով՝ նախագահական ապարանքի համալիրէն ներս։ Արմէն Սարգսեան եւ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս պիտի ունենան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ պիտի գլխաւորեն ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Նախագահները կը սարքեն նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Յունաստանի նախագահը կ՚այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, նաեւ կը հիւրընկալուի Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւր ղեկավարը կ՚ընդունուի նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Երեւանի մէջ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս կ՚այցելէ նաեւ Մատենադարան եւ հանդիպում մը կ՚ունենայ Հայաստանի յոյն համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2019