ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մեծն քսանեակի (G20) շաբաթավերջին Հռոմի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովը համախմբեց միջազգային գրեթէ բոլոր յառաջատար դերակատարներու ղեկավարները։ Համաշխարհային օրակարգի հրատապ գրեթէ բոլոր հարցերը քննարկուեցան թէ՛ այս գագաթաժողովին եւ թէ անոր զուգահեռ կազմակերպուած երկկողմանի հանդիպումներուն ժամանակ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ մեկնած էր Հռոմ, ուր ունեցաւ բազմակողմանի շփումներ։ Այս ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ իր՝ միջոցէ մը ի վեր արդէն սպասուած հանդիպումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Թուրքիա-ԱՄՆ ամենաբարձր մակարդակի այս բանակցութիւններուն ժամանակ քննարկման նիւթ դարձած է նաեւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Պայտըն անդրադարձան այս տարածաշրջանի պարագային գործադրուած դիւանագիտական ջանքերուն։ Նախագահներու զրոյցին ներկայ էին նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն։

Հռոմի «Լա Նուվոլա» համագումարներու կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած գագաթաժողովի աւարտին նախագահ Էրտողան սարքեց նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։ Ան այս փուլին յայտարարեց, որ Անգարա մասնաւոր ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան վերականգնման հարցին վրայ։ Այս առումով ան կրկնեց «3+3» հարթակի ստեղծման առաջարկը, որ թրքական կողմէն յամառօրէն կը պաշտպանուի վերջին շրջանին։ «Եկէք վեցով համատեղ քայլ ընենք եւ խաղաղութիւն հաստատենք տարածաշրջանէն ներս», կոչ ուղղեց Էրտողան՝ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Իրանի, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ այդ հարթակը ստեղծելու ձգտումով։ Ան նշեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արդէն համապատասխան առաջարկ մը ներկայացուցած է Հայաստանին։ Էրտողանի խօսքով՝ այսպիսի հարթակի մը ստեղծուիլը պիտի նպաստէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու զարգացման։ Ըստ նախագահին՝ այս հարթակի ձեւաւորման առումով որոշ չափով ժխտական տրամադրութիւն ունի Վրաստան, սակայն, եթէ այդ բոլոր երկիրները դրական մօտեցում դրսեւորեն, ապա հարթակը պիտի ստեղծուի եւ այս տարածաշրջանն ալ պիտի վերածուի խաղաղութեան հարթակի մը։

Հռոմի գագաթաժողովին ժամանակ Ռուսաստանը ներկայացուց Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ եւս ունեցաւ զանազան շփումներ։ Լաւրովի հետ տեսակցեցաւ նաեւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու, որ նախագահ Էրտողանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ էր։ Անոնց Հռոմի հանդիպման լոյսին տակ հաղորդուեցաւ, որ քննարկուած են Հարաւային Կովկասէ ներս «3+3» ձեւաչափով նախատեսուած դրութեան գործարկման հեռանկարները։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով զրոյցի ընթացքին մասնաւորապէս կանգ առած են Անդրկովկասի իրավիճակի ապագայ կայունացման վերաբերեալ Անգարայի եւ Մոսկուայի ջանքերու համակարգման վրայ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, անոնց միջեւ կարծիքի փոխանակում տեղի ունեցած է «3+3» հարթակի գործարկման հեռանկարներուն շուրջ՝ տնտեսական ու փոխադրական կապերը ապաշրջափակելու եւ Հարաւային Կովկասէ ներս փոխադարձ շահաւէտ ենթակառուցուածքային նախագիծերը խթանելու նպատակով։

Սերկէյ Լաւրով Հռոմի մէջ տեսակցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարին՝ Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2021