ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հերթական անգամ յայտարարեց, որ անընդունելի է երրորդ ուժերու տեղակայումը հաղորդուղիներու վրայ։ Երէկ, ան 2025 թուականի պետական պիւտճէի նախագծի քննարկումներու շրջանակներէն ներս ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ՝ մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստի ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարար Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան որոշ դրական մթնոլորտ մը կը նկատէ Ատրպէյճանի հետ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին շուրջ։ Միրզոյեան հաւանական նկատեց նաեւ մօտաւոր ապագային համաձայնութեան մօտենալը՝ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ։ Նախարարը աւելցուց, որ որեւէ խանգարող հանգամանք չկայ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացէն ներս։

Բաց աստի, Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ տակաւին որեւէ ձեւով հաստատուած չէ Երեւանի մասնակցութիւնը՝ Պաքուի մէջ նախատեսուած COP29 համաժողովին։

Ի լրումն այս բոլորին, Միրզոյեան լաւատեսութիւն յայտնեց Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացէն ներս մօտաւոր ապագային յառաջընթացի հասնելու շուրջ։ Ան երեսփոխաններու ներկայութեամբ ըսաւ հետեւեալը. «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը արտաքին գործոց նախարարութեան թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը չէ»։

Միւս կողմէ, իր կարգին, Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանն ալ ըսաւ. «Հայաստանի առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ անվտանգային միջավայրի ապահովումը, ուր շատ մեծ նշանակութիւն ունի տնտեսութիւնը»։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2024