ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի Լուսանկարչական առաջին փառատօնը ներկայիս ուշադրութիւն կը գրաւէ՝ արձանագրած ըլլալով հեռանկարային յաջողութիւն մը։ Այս փառատօնի շրջանակներէն ներս, երէկ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը, որ կը կոչուի՝ «Հայաստանի ժամանակագրութիւնը՝ Magnum-ի տեսախցիկին մէջ»։ Երկրորդ աշխարհամարտէն վերջ ստեղծուած է «Մակնում» լուսանկարչութեան միջազգային գործակալութիւնը, որ այսօր շուրջ վաթսուն լուսանկարիչ կը համախմբէ։ Մարդասիրական արժէքներուն վրայ խարսխուած ըլլալով՝ ան միակ լուսանկարչական մեծ գործակալութիւնն է, որ մշտապէս իր ուշադրութեան կեդրոնին պահած է Հայաստանը։ Այժմու ցուցահանդէսով կը ներկայացուին «Մակնում»ի ինն լուսանկարիչներու գործերը, որոնք վաւերագրած են Հայաստանը 20-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ մեր օրերը։ Ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած լուսանկարները նկարահանուած են Հայաստանի նորագոյն պատմութեան ամենադժուար ժամանակաշրջաններուն, երբ ամէն անգամ վճռական պահը կու գար որոշել երկրի ապագան եւ կարծես այդ մէկը անընդհատ կը յետաձգուէր եւ այդ ընթացքին երկիրը բազմիցս կը ձախողէր անկախ ինքնորոշման իր ձգտումներուն մէջ։

Ցուցահանդէսի կազմակերպիչները կը յայտնեն, որ «Մակնում»ի լուսանկարչական ժառանգութիւնը կը պատկերացուի՝ որպէս որոշ գեղարուեստական լեզու տագնապներու եւ աղէտներու մասին։ Զուգահեռաբար ի յայտ կու գայ յոյսի նիւթին կարեւորութիւնը՝ զանազան կերպարներով, որոնք կը խորհրդանշեն խաղաղութեան որոնումը։

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էր նաեւ «Մակնում» գործակալութեան ներկայացուցիչ Անտրէա Հոլցհէր, որ յայտնեց, թէ լուսանկարները կը ներկայացնեն Հայաստանի արդի պատմութեան մէկ մասը։ Ան մատնանշեց, որ ըստ գործակալութեան նախընթացներուն՝ ընդհանրապէս լուսանկարիչները կ՚որոշեն, թէ ո՛ւր պէտք է երթալ եւ ի՛նչ պէտք է նկարահանել։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2024