ԿԱՍԵՑՆԵԼ ԱՌԿԱՅ ԱՂԷՏԸ

«Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» ընդդիմադիր շարժումը կը ջանայ Հայաստանի մէջ յառաջ տանիլ իր գործունէութիւնը՝ ազդեցութեան նոր լծակներ ձեռք բերելով։ Ընդդիմադիր շարժման գլուխը՝ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան նախընթաց օր յայտարարեց. «Սա մեզի համար ազգային ազատագրական պայքար է՝ այսպէս կոչուած իշխանութիւններէն ազատագրուելու»։ Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտած է, որ Բագրատ սրբազան կարճատեւ արտասահմանեան ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է։

«Մեր յանձնառութիւնը շատ յստակ է, պատասխանատուութիւնն ալ շատ յստակ։ Սա կը վերաբերի ամբողջ Հայաստանին, մեր ժողովուրդին, մեր ազգին, մեր պատմութեան, մեր ապագային։ Մենք յանձն առած ենք, այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնած ենք՝ կասեցնելու այս շարունակական աղէտը», ըսաւ ան վերջին հարցազրոյցին մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2024