ՊԱՐՏԱԴՐԵԼ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Արեւմուտքը յամառօրէն իր ծառայութիւնները կը պարտադրէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս։

Լաւրով ելոյթ մը ունեցաւ Մինսքի մէջ կազմակերպուած՝ Եւրոասիոյ անվտանգութեան վերաբերեալ համաժողովի ընթացքին։ Այս առթիւ ան ըսաւ. «Արեւմուտքը չի դադրեցներ իր աւերիչ գործունէութիւնը Եւրոասիոյ ցամաքամասի այլ հատուածներէն ներս՝ Հարաւային Կովկասի մէջ, ան յամառօրէն կը պարտադրէ իր ծառայութիւնները Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ»։

Բաց աստի, Լաւրով տեղեկացուց, որ Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ յառաջիկային պիտի ստորագրուի գործընկերութեան շուրջ նոր համաձայնագիր մը, ուր զգալի ուշադրութիւն պիտի ցուցաբերուի պաշտպանութեան հարցերուն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2024