Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Պրիւքսէլ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան կը մասնակցի Աֆղանիստանի «Վճռական աջակցութիւն» խաղաղապահ գործողութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
Ծանօթ է, որ վերջին շրջաններուն Հայաստանի կողմէ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն բերուած մասնակցութիւնը կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015