Հայաստանի Քաղաքացիները Կրնան Պրազիլիա Մեկնիլ Առանց Վիզայի
Ուժի մէջ մտած է Հայաստանի եւ Պրազիլիոյ միջեւ մուտքի արտօնագրային կարգը հանելու մասին համաձայնութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ֆէյսպուքեան պաշտօնական կայքէջը:
Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պրազիլիոյ Դաշնային Հանրապետութեան կառավարութիւններու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան՝ Նոյեմբեր 25-էն սկսեալ Հայաստանի եւ Պրազիլիոյ քաղաքացիները իրարու տարածք մուտք գործելու, դուրս գալու, տարանցիկ անցնելու եւ գտնուելու համար կ՚ազատուին մուտքի արտօնագիր ձեռք բերելու պահանջէն՝ իննսուն օրը չգերազանցող ժամկէտով, որ կրնայ երկարաձգուիլ մինչեւ իննսուն օր՝ պայմանով, որ գտնուելու ընդհանուր ժամկէտը չգերազանցէ հարիւրութսուն օրը, տասներկմու ամսուան ընթացքին: