ՅՍՏԱԿ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ան­գա­րա-Մոս­կուա ա­ռանց­քին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի՝ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին վրայ վար առ­նուած ռու­սա­կան ռազ­մաօ­դա­նա­ւի հար­ցով պայ­մա­նա­ւո­րուած ճգնա­ժա­մին բե­րու­մով։ Ե­րէկ, ի դե­րեւ ե­լան սպա­սում­նե­րը եւ Փա­րի­զի մէջ տե­ղի չու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի տե­սակ­ցու­թիւ­նը։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած զի­նուո­րա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը Մոս­կուա ու­ղար­կուե­ցաւ զո­հուած ռուս օ­դա­չուին՝ Սէր­կէյ Ա­լեք­սանտ­րո­վի­չի մար­մի­նը։ Սահ­մա­նի վրայ ստանձ­նուե­լէ վերջ նախ Հա­թայ տա­րուած էր ռուս օ­դա­չուի դիա­կը, որ Ան­գա­րա­յի վրա­յով ու­ղար­կուե­ցաւ Մոս­կուա։ Ըն­թաց­քին Ուղ­ղա­փառ հո­գե­ւո­րա­կա­նի մը մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ ա­ղօթք մը։ Ան­գա­րա­յի մէջ ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի դես­պա­նը, ո­րու կող­քին էին դես­պա­նա­տան ռազ­մա­կան կցորդ­նե­րը։

Ան­գա­րա­յէն շա­րու­նակ փո­խանցուած դրա­կան պատ­գամ­նե­րով հան­դերձ, Ռու­սաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այս հանգ­րուա­նին հան­դէս կու գայ խստու­թեամբ։ Փու­թի­նի կող­մէ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ստո­րագ­րուած հրա­մա­նագ­րի մը հի­ման վրայ Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ար­դէն ի­րե­րա­յա­ջորդ տնտե­սա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­ներ կը յայ­տա­րա­րէ Թուր­քիոյ դէմ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ, Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով ու բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու ա­ռեւ­տու­րին հա­մար նա­խա­տե­սուած սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րուն շուրջ, ո­րոնք պի­տի գոր­ծադ­րուին փուլ առ փուլ։

Միւս կող­մէ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան այս ա­ռա­ւօտ Փա­րի­զի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հետ։ «NTV»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­մե­րի­կա­ցի ղե­կա­վա­րը յայտ­նեց, թէ Էր­տո­ղա­նի հետ զրու­ցած են թուրք-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նա­ցու­մը եւ ի­րենք կը խրա­խու­սեն Թուր­քիոյ պաշտ­պա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015