ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՐԷԿ ՍՏԱՑԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան 64-րդ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ վստա­հու­թեան քուէ ստա­ցաւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վին կող­մէ։ Վեր­ջին օ­րե­րուն կա­ռա­վա­րու­թեան ծրագ­րին շուրջ ծա­ւա­լուած քննար­կում­նե­րէն վերջ, ե­րէկ խորհր­դա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ վստա­հու­թեան քուէար­կու­թիւն։ 509 ե­րես­փո­խան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ վստա­հու­թեան քուէար­կու­թիւ­նը, ո­րու ար­դիւն­քին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը 315 ե­րես­փո­խա­նի վստա­հու­թեան քուէն ստա­ցաւ։ Դէմ ձայ­նե­րուն թի­ւը ե­ղաւ 194։ Ծա­նօթ է, ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը ու­նի 317 ե­րես­փո­խան, սա­կայն Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Իս­մա­յիլ Քահ­րա­ման եւ ե­րէ­կուան նիս­տին նա­խա­գա­հած Այ­շէ­նուր Պահ­չէ­քա­փը­լը չկրցան մաս­նակ­ցիլ քուէար­կու­թեան։

Այս ար­դիւն­քէն վերջ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու, որ ընն­դի­մու­թեան կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի ժա­մա­նա­կա­ւոր պիւտ­ճէի փո­խա­րէն միաս­նա­կան աշ­խա­տան­քով բուն պիւտ­ճէ մը մշա­կուի։

Իր ելոյթէն վերջ Ահմէտ Տավուտօղլու ձեռնուեցաւ ընդդիմադիր ղեկավարներուն՝ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քըլըչտարօղլուի եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Պահչէլիի հետ։

Հարկ է նշել, որ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան 64-րդ կա­ռա­վա­րու­թեան ծրագ­րին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան։ Տա­վու­տօղ­լու խորհր­դա­րա­նին մէջ ծրա­գի­րը նե­րկա­յաց­նե­լու ժա­մա­նակ յայտ­նած էր, թէ նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ջան­քեր պի­տի գոր­ծադ­րէ՝ որ­պէս­զի Հա­յաս­տան դուրս գայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի յա­րա­կից տա­րածք­նե­րէն եւ թու­լա­նայ հայ-ա­զէ­րի լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ Ահմէտ Տա­վու­տօղ­լու նշած էր նաեւ, թէ Թուր­քիան պի­տի շա­րու­նա­կէ Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015