ՊՐԻՒՔՍԷԼԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՒ ՆԱԹՕ-Ի ԿՈՂՄԷ ՆԵՑՈՒԿ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Կը հաղորդուի, որ շուրջ 50 վայրկեան տեւեց այս տեսակցութիւնը, որ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ։ Տավուտօղլու եւ Սթոլթենպերկ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Թէ՛ Տավուտօղլու եւ թէ Սթոլթենպերկ այս ասուլիսին ընթացքին պատգամներ փոխանցեցին Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ վար առնուած Ռուսաստանի ռազմաօդանաւի հարցին շուրջ։ Ներկայ լարուած իրավիճակին մէջ Տավուտօղլու շեշտեց, թէ Թուրքիոյ օդային մարզը կը վերաբերի երկրի գերիշխանութեան։ «Մեր բանակը ըրած է իր գործը։ Մենք պատրաստ ենք երկխօսութեան, սակայն որեւէ երկիր պէտք չէ ակնկալէ, որ ներողութիւն պէտք է խնդրենք մեր գործը ըրած ըլլալու համար», ըսաւ Տավուտօղլու եւ աւելցուց, թէ եթէ ռուսական ռազմաօդանաւը խախտած չըլլար Թուրքիոյ օդային մարզը, ապա այսօր նման ճգնաժամ մը պիտի չապրուէր։
Իր կարգին, Սթոլթենպերկ նշեց, թէ դաշինքը կը պաշտպանէ Թուրքիան։ Ան համոզուած է, որ Թուրքիա ունի իր օդային մարզը պաշտպանելու իրաւունքը։ ՆԱԹՕ-ի հիմնական մտահոգութիւնը այն է, որ Ռուսաստան զինուորական ներկայութիւնը կ՚աւելցնէ Սուրիոյ մէջ ու կը մօտենայ ՆԱԹՕ-ի սահմանին։
Ըստ Սթոլթենպերկի Ռուսաստան պէտք է շինիչ դերակատարութիւն մը ունենայ Սուրիոյ մէջ ու պէտք է պատերազմի միայն հասարակաց թշնամիին՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ։ Ընդհանուր քարտուղարը ըսաւ, թէ Թուրքիա ունի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք։ Դաշինքը համամիտ է ամէն տեսակ շփման ու կը պաշտպանէ Մոսկուայի եւ Անգարայի շփումները։ Սթոլթենպերկ շեշտեց, որ մթնոլորտը պէտք է հանդարտի։
Միւս կողմէ, երէկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ալ նշեցին, թէ այս ճգնաժամին շուրջ իրենց տուեալները կը համընկնին թրքական կողմի տուեալներուն հետ։