ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ԱՆԴԱՄ

Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան (ՃՀՓ) ընտ­րուե­ցաւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի Եւ­րո­միու­թեան հետ ներ­դաշ­նա­կեց­ման յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ։ Ե­րէկ, խորհր­դա­րա­նի այդ յանձ­նա­ժո­ղո­վը գու­մա­րեց իր ա­ռա­ջին նիս­տը, ո­րու ըն­թաց­քին Շան­լըուր­ֆա­յի ե­րես­փո­խան Մեհ­մէտ Քա­սըմ Կիւլ­փը­նար (ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւն) ընտ­րուե­ցաւ յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ։

26-րդ գու­մար­ման Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վէն ներս, Սե­լի­նա Տո­ղան այս ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռըն­թեր մաս կը կազ­մէ նաեւ Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն հա­մա­տեղ խորհր­դա­րա­նա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015