2 ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՀԱՇՈՒԱՐԿ
ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութիւններու վերաբերեալ «COP 21» խորհրդաժողովը երէկ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի հարիւրյիսուն երկիրներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ։ Ֆրանսական մայրաքաղաքին մերձակայ Պուրժէի մէջ այս առթիւ համախմբուեցան ՄԱԿ-ի «Կլիմայի փոփոխութեան մասին» շրջանակային պայմանագրին կողմ հանդիսացած պետութիւններու ղեկավարները։ Իր նմաններու շարքին 21-րդ համաժողովն էր այս մէկը, որու նախագահութիւնը ստանձնած էր Ֆրանսա։ Բառին բուն իմաստով երկրագունդի ապագային վերաբերեալ քննարկումներ ծաւալւեցան այս գագաթաժողովին ժամանակ, հազարաւոր պատուիրակներու մասնակցութեամբ։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի տանտիրութեամբ ծաւալուած քննարկումներուն ընթացքին օրակագրի վրայ եկան նաեւ կլիմայի փոփոխութիւնները վերահսկելի հունի մը մէջ պահելու ուղղեալ քայլերուն առընչուած քաղաքական յանձնառութիւնները։ Մասնագիտական վիթխարի աշխատանքի մը խորապատկերին վրայ տեղի ունեցաւ «COP 21»ը, որու հիմնական նպատակն է տեսանելի ապագային 2 աստիճանի սահմանին պահել երկրագունդի տաքացումը։ Այս նպատակին հասնելու համար մինչեւ 2030 թուականը անհրաժեշտ է տարեկան 100 միլիառ տոլարի մակարդակով ներդրում մը ընել՝ ուժանիւթի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու եւ քարպոնի ցած մակարդակով ելեկտրական ուժանիւթ արտադրելու համար։
Երէկուան գագաթաժողովին ընթացքին ելոյթներ ունեցան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Ֆրանսուա Օլանտ, Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին, Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ եւ այլ բազմաթիւ ազդու ղեկավարներ՝ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն։
«COP 21»ի մասնակիցներու շարքին էին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան հաւաքի ընթացքին նշեց, որ կլիմայի փոփոխութիւնը համաշխարհային մարտահրաւէր մըն է ու հաւասարապէս կը սպառնայ բոլոր պետութիւններուն՝ անկախ անոնց չափէն ու զարգացման աստիճանէն։ Ան յիշեցուց, որ Հայաստանի մասնաբաժինը համամոլորակային քարպոնի արտանետումներուն մէջ մեծ չէ, չի գերազանցեր երկու հարիւրորդական տոկոսային միաւորը, այդուհանդերձ Հայաստան կը կարեւորէ այս հարցին մէջ բոլոր երկիրներուն ջանքերը համատեղելու անհրաժեշտութիւնը ու որպէս զարգացող երկիր՝ յանձնառութիւն ստանձնած է իր ներդրումը ունենալու համար համամոլորակային ջանքերուն մէջ։ Սերժ Սարգսեան յիշեցուց, որ Հայաստանի ազգային դիրքորոշումը արտայայտուած է երկրի կառավարութեան կողմէ հաստատուած գործողութիւններու փաստաթուղթին մէջ, որու հիմքին կը գտնուին հետեւեալ սկզբունքները.
Առաջին՝ ջերմոցային կազերու կլոպալ արտանետումները պէտք է այնպիսի մակարդակի վրայ սահմանափակել, որ մթնոլորտի կլոպալ ջերմաստիճանի բարձրացումը չգերազանցէ 2 աստիճանը։
Երկրորդ՝ պէտք է որդեգրել ընդհանուր, սակայն տարբերակուած մօտեցում՝ հաշուի առնելով կլիմայի փոփոխութեան մէջ երկիրներու ներկայ ու պատմականօրէն տարբեր պատասխանատուութիւնը։
Երրորդ՝ ջերմոցային կազերու արտանետումներու սահմանափակման բեռի բաշխումը պէտք է իրականացնել՝ հաշուի առնելով կլիմայական միջոցներէն օգտուելու ներկայ ու ապագայ սերունդներու իրաւունքները։
Չորրորդ՝ այնպէս մը ընել, որ գործողութիւնները տեղի չտան ընկերատնտեսական յետընթացի զարգացող երկիրներուն մօտ։
Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ նշեց, թէ Թուրքիա այս հարցին շուրջ ունի ճանապարհային քարտէս մը։ Թրքական կողմի ջանքերը պիտի աւելնան՝ միջազգային աջակցութեան հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ։ Ան համոզուած է, որ Փարիզի համաձայնութիւնը պէտք է ըլլայ իրատես ու ճկուն։ «COP 21»ի ընթացքին Օլանտ նշեց, որ որեւէ երկիր պէտք չէ խուսափի պատասխանատուութենէ, իսկ Պարաք Օպամա ընդգծեց, թէ ներկայ սերունդը թափ տուած է կլիմայի փոփոխութեան։