«ԹՈՒՄՕ»Ն՝ ԳԵՐԱԶԱՆՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Եւրոյանձնաժողովի հետազօտութեան, գիտութեան ու նորարարութեան հարցերով յանձնակատար Քարլոս Մոէտաս վերջերս Պրիւքսելի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ «Գերազանցութիւն տարածելով եւ անցնելով նորարարութեան սահմանները» խորագրեալ գիտաժողովին ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, եւրոպացի յանձնակատարը, որ մօտաւոր անցեալին այցելած էր Հայաստան, այդ հաւաքոյթին ընթացքին բաժնեց իր ուղեւորութեան վերաբերեալ տպաւորութիւնները։
«Երկու շաբաթ առաջ առաջին անգամ այցելեցի Հայաստան ու մասնակցեցայ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու գիտութեան նախարարներու հանդիպման։ Սա տարածքաշրջանէն ներս գիտութեան զարգացման ուղղեալ իր տեսակին մէջ առաջին նմանատիպ նախաձեռնութիւնն էր։ Հայաստանի մէջ ես ականատես եղայ երեւոյթի մը, որ արժանի է յիշատակման։ Երեւանի մէջ այցելեցի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը», ըսաւ եւրոպացի յանձնակատարը եւ աւելցուց, թէ «ԹՈՒՄՕ»ի միջավայրն ու թեքնիկ յագեցուածութիւնը աւելի լաւ էր՝ քան Սիլիքոնեան հովիտին մէջ իր տեսածին բաղդատմամբ։ Մոէտաս շեշտեց, որ գերազանցութիւնը պէտք է խրախուսուի։