ԱՆՓՈՓՈԽ ՄՏԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Ռու­սա­կան «Նե­զա­վի­սի­մա­յա Կա­զե­թա»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ատր­պէյ­ճան խտա­ցեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած է՝ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար նոր սպա­ռա­զի­նու­թիւն­ներ։ Պա­քուի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը շփման մէջ է Փա­քիս­տա­նի հետ՝ 500 քի­լօ­մեթր հե­ռա­հա­րու­թեամբ հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գեր ձեռք բե­րե­լու նպա­տա­կով։ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կի հա­մա­պա­տաս­խան բա­ժան­մուն­քի հրա­մա­նա­տա­րը՝ Զաիտ Հիւ­սէ­յի­նով լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին յայտ­նեց, որ երկ­րի պաշտ­պա­նու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ու­նե­նալ՝ 200, 300 եւ 500 քի­լօ­մեթր հե­ռա­հա­րու­թեամբ հրթիռ­ներ։ «Սա բո­լո­րո­վին չի նշա­նա­կեր, որ հա­կա­ռա­կոր­դի յար­ձա­կում­նե­րը կա­սեց­նե­լու հա­մար Ատրպէյ­ճան այ­սօր չու­նի անհ­րա­ժեշտ հա­մա­կար­գե­րը։ Ատրպէյ­ճան ու­նի բա­ւա­կա­նա­չափ սպա­ռա­զի­նու­թիւն հա­կա­ռա­կոր­դի ա­մէն կա­ռոյ­ցը խո­ցե­լու հա­մար», ը­սաւ ան։

Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի աղ­բիւր­նե­րը կը մատ­նան­շեն, որ Պա­քու յատ­կա­պէս վեր­ջին շրջա­նին սպա­ռա­զի­նու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու ուղ­ղու­թեամբ սկսած է ա­ւե­լի թա­փով բա­նակ­ցիլ Փա­քիս­տա­նի հետ, ո­րու հետ ու­նի բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ եւ այդ եր­կի­րը որ­պէս ան­կախ պե­տու­թիւն չի ճանչ­նար Հա­յաս­տա­նը։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին բարձր մա­կար­դա­կի այ­ցե­լու­թիւն մըն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ։

Ատր­պէյ­ճա­նի տե­սա­կէ­տէ նոր հրթիռ­ներ ա­պա­հո­վե­լու խնդի­րը, գո­նէ հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն, ար­դիա­կան դար­ձաւ՝ երբ ան­ցեալ Սեպ­տեմ­բե­րի 21-ին, Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան տօ­նին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած զօ­րա­հան­դէ­սին ժա­մա­նակ ցու­ցադ­րուե­ցան հայ­կա­կան բա­նա­կի «Իս­քան­տէր» գեր­ժա­մա­նա­կա­կից ռու­սա­կան ար­տադ­րու­թեան հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գե­րը։ Պա­քուի եւ Իս­լա­մա­պա­տի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէտ­նե­րը կը հա­մընկ­նին նաեւ Քաշ­մի­րի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցե­րուն շուրջ։ «Մենք կողմ­նա­կից ենք Ատրպէյ­ճա­նի բո­լոր բռնագ­րա­ւեալ տարածք­նե­րու ա­զա­տագր­ման, նե­րա­ռեալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը», ը­սած էր Փա­քիս­տա­նի Վար­չա­պետ Նա­ւազ Շե­րիֆ, Պա­քու կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին։

Ռազ­մա­կան նոր մի­ջոց­ներ ա­պա­հո­վե­լու շուրջ Ատր­պէյ­ճան ներ­կա­յիս բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի, Թուր­քիոյ եւ Իս­րա­յէ­լի հետ։ Պա­քու կը ծրագ­րէ մա­նա­ւանդ Իս­րա­յէ­լէն ձեռք բե­րել հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մա­կար­գեր։ Մաս­նա­գէտ­նե­րու կար­ծի­քով, «Իս­քան­տէր» գե­րա­ժա­մա­նա­կա­կից հա­մա­կար­գը այ­սօր տա­կա­ւին ան­հա­սա­նե­լի է յայտ­նի բո­լոր հա­կահր­թի­ռա­յին հա­մա­կար­գե­րուն։

Այս շփում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ վեր­ջերս յայ­տա­րա­րած էր, որ իր եր­կի­րը պի­տի վե­րա­դարձ­նէ իր բո­լոր տա­րածք­նե­րը՝ Լե­լէ թե­փէի օ­րի­նա­կով։  Ծա­նօթ է, որ ան­ցեալ Ապ­րի­լի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին ժա­մա­նակ Ատրպէյ­ճա­նի բա­նա­կը յա­ջո­ղած էր իր հա­կակշ­ռին տակ առ­նել Լե­լէ թե­փէ բլու­րը։

Մինչ Պա­քու սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու մրցա­վազ­քը կը շա­րու­նա­կէ մտա­հո­գիչ թա­փով, Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով վեր­ջին օ­րե­րուն յայտ­նեց, որ յա­ռա­ջի­կա­յին Համ­պուր­կի մէջ նա­խա­տե­սուած է 3+2 ձե­ւա­չա­փով հան­դի­պում մը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։

Հարկ է նշել, որ Համ­պուր­կի մէջ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Միջ­նորդ­նե­րը մի­ջո­ցէ մը ի վեր կը խօ­սին Մա­մէ­տեա­րո­վի եւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի մի­ջեւ հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու մա­սին։ Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը տա­կա­ւին վերջ­նա­կա­նօ­րէն չէ հաս­տա­տած այս վար­կա­ծը։ Մա­մէ­տեա­րով մի­ջոց մը ա­ռաջ յայտ­նած էր, որ հարկ է վե­րա­կանգ­նել Սեն Փե­թերս­պուր­կի մթնո­լոր­տը։ Ծա­նօթ է, որ Ապ­րի­լի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն վերջ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Իլ­համ Ա­լիեւ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած էին Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ։ Այդ գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րու ար­դիւն­քին ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը ցարդ չեն կա­տա­րուած Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ, ինչ որ հայ­կա­կան կող­մը կը հա­մա­րէ լուրջ խո­չըն­դոտ մը՝ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ։ Մա­մէ­տեա­րով պնդեց, որ Հա­յաս­տան պատ­րաստ չէ այդ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման։

Իսկ այժմ ան յայտ­նեց, թէ Համ­պուր­կի մէջ նա­խա­տե­սուած 2+3 ձե­ւա­չա­փով հան­դիպ­ման շրջագ­ծով պի­տի մէկ­տե­ղուին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու՝ ԱՄՆ-ի, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի, ինչ­պէս նաեւ հա­կա­մարտ եր­կու կող­մե­րու նա­խա­րար­նե­րը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016