ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՓԱՐԻԶ ԵՒ ՊՐԻՒՔՍԵԼ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ֆրանսա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վերջին օրերուն ան Փարիզի մէջ շփումներ ունեցաւ, ուղեկցութեամբ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեանի։
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահներուն՝ Արա Թորանեանի եւ Մուրատ Փափազեանի նախաձեռնութեամբ ան հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» մշակոյթի կեդրոնէն ներս ան մէկտեղուեցաւ ֆրանսահայ շուրջ երկու տասնեակ յառաջատար կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ քննարկեց բազմաբը-նոյթ նիւթեր։ Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս ներկայացուց իր նախարարութեան ծրագրերը։ Քննարկուեցան համագործակցութեան աշխուժացման յառաջիկայ քայլերն ու ձեռնարկները։
Փարիզի մէջ Հրանոյշ Յակոբեան ընդունուեցաւ նաեւ Իլ-տը-Ֆրանս բաժանմունքի խորհուրդի նախագահ Վալերի Փեքրեսի եւ փոխ-նախագահ Փաթրիք Քարամի կողմէ։ Դեսպան Վիգէն Չիտէճեանին առընթեր զրոյցին ներկայ էին նաեւ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան։ Քննարկուեցան Փարիզի մէջ հայկական մշակոյթի օրերու կազմակերպման հնարաւորութիւնները։ Զրուցակիցները անդրադարձ կատարեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց Ֆրանսայի դերակատարութիւնը՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։
Փաթրիք Քարամ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Ֆրանսայէ ներս ստեղծուած, Արեւելքի վտանգուած քրիստոնեաներու աջակցութեան ջատագով համակարգման խորհուրդը։ Ուստի, քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի հայ համայնքներու առկայ մարտահրաւէրները։
Զրոյցի տեւողութեան Վալերի Փեքրես առաջարկեց սերտացնել համագործակցութիւնը իր շրջանին ու Հայաստանի միջեւ։ Իլ-տը-Ֆրանսի ընդհանուր ղեկավարութիւնը ճաշասեղանով մը պատուեց նախարարը։
Հրանոյշ Յակոբեան Փարիզի արուարձաններէն Ալֆորվիլի մէջ ալ այցելեց «Ս. Մեսրոպ» հայկական վարժարանը։ Նոյն արուարձանին մէջ ան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ «Արմէն-Լիվր» գրքի տօնավաճառին։
«Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, Փարիզէն վերջ Հրանոյշ Յակոբեանի ուղեւորութիւնը պիտի շարունակուի դէպի Պրիւքսել։