ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ՍԵՐՏԱՑՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Անթանանարիվուի մէջ մասնակցեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 14-րդ գագաթաժողովին։ Կազմակերպութեան 84 անդամ, գործընկեր կամ դիտորդ երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները մասնակցեցան այս գագաթաժողովին։ Ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան բարձրագոյն մարմնին կողմէ հաստատուեցան գագաթաժողովի եզրափակիչ հռչակագիրը, Ճգնաժամային իրավիճակներու լուծման եւ խաղաղութեան ամրա-պընդման վերաբերեալ բանաձեւը, «Ջուր, խաղաղութիւն, անվտանգութիւն» բանաձեւը, «Միջմշակութեային երկխօսութիւնը՝ իբրեւ կայուն զարգացման գործօն» բանաձեւը, առողջապահութեան ոլորտներէ ներս ներդրումներու, ճանապարհային անվտանգութեան վերաբերեալ բանաձեւեր, նաեւ այլ շարք մը փաստաթուղթեր։ Այս գագաթաժողովին ընթացքին կազմակերպութեան նախագահութիւնը Սենեկալէն անցաւ Մատակասքար։
Անթանանարիվուի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովին ժամանակ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Եդուարդ Նալպանտեան, որ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Բաց աստի, ան շեշտեց, որ գտնուելով քաղաքականութիւններու խաչմերուկի մը վրայ, ուր զիրար կը հանդիպին Արեւելքն ու Արեւմուտքը՝ Հայաստան մշտապէս եղած է մշակոյթներու երկխօսութեան օրրան մը։
Գագաթաժողովի աւարտին Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը աջակցութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման։ Կազմակերպութիւնը լիակատար աջակցութիւն յայտնեց այս ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ ձեռնարկուած ջանքերուն։
Միւս կողմէ, Անթանանավիուի մէջ որոշուեցաւ՝ որպէսզի 2018 թուականին կայանալիք Ֆրանսախօսութեան 17-րդ գագաթաժողովը տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ։
Իր կարգին, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ շնորհաւորեց Հայաստանը, որ պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 2018 թուականի գագաթաժողովը։ «Կասկած չունիմ, որ սա առիթ մը պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ ֆրանսաերէնի դերը յառաջ մղելու համար», ըսաւ ան։