ՊՈՒՔՐԷՇԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Պուքրէշի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ ձօնուած էր՝ «Սփիւռքի գաղթօճախներու ազգային եւ էթնիք ինքնութիւնները հանրային տարածքէն ներս» նիւթին։ Բանակի տան երդիքին տակ, այս համաժողովը կազմակերպուած էր «Եւրոպական սփիւռքներ» ցանցային ծրագրի շրջանակներէն ներս։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի մասնաճիւղն էր բուն կազմակերպիչը՝ օժանդակութեամբ Ռումանիոյ հայոց միութեան, Պիւքրէշի համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու ֆաքիւլթէին, «Կոլտսթայն Կորէն» հրէական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին, Մշակոյթի յունական հիմնադրամին եւ այլ հասարակական կամ ուսանողական կազմակերպութիւններու։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գիտաժողովի քննարկումները կեդրոնացան Եւրոպայի հանրային կեանքէն ներս ազգային եւ էթնիք ինքնութեան դրսեւորումներուն, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման ազդակներուն ու խոչընդոտներուն, այդ ինքնութիւններուն վրայ զանազան ներազդեցութիւններուն։
Գիտաժողովին ընթացքին ելոյթներ ունեցան Ռումանիոյ կառավարութեան առընթեր Միջէթնիք յարաբերութիւններու վարչութեան ղեկավար ու պետական քարտուղար Ալետին Ամէտ, ՀԲԸՄ Եւրոպայի ներկայացուցիչ Նիքոլա Դաւիթեան (Պրիւքսել), Պուքրէշի մօտ Հայաստանի դեսպանութենէն Աշոտ Գրիգորեան, Եւրոպայի հրեայ ուսանողներու միւթեան նախագահ Պեննի Ֆիշէր եւ լուսանկարիչ-լրագրող Անտրէա Թանասէ, որ հեղինակն է «Հայերը Ռումանիոյ մէջ» ալպոմին։ Գիտաժողովի մասնակիցներուն տեսա-ուղերձ մը յղեց Ռումանահայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան։ Երեւանէն հրաւիրուած գիտնական Բաբգէն Մատթէոսեան ներկայացուց զեկուցում մը, որու նիւթն էր՝ «Սփիւռքեան ինքնութիւնը եւ պատմական յիշողութեան դերը»։
Եւրոպական սփիւռքներու եւ ազգային ինքնութեան խնդիրներու զանազան չափումներուն շուրջ ներկայացուեցան շահեկան զեկուցումներ։
Գիտաժողովին զուգահեռ բացուեցաւ նաեւ եւրոպական սփիւռքներու վերաբերեալ լուսանկարչական ցուցահանդէս մը։