ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ ԵՒ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Յառաջիկայ մարտահրաւէրներ. ՆԱԹՕ-ն Ուելսէն մինչեւ Վարշովա ու անդին» նիւթով խորհրդաժողով մը։ Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համաշխարհայնացման եւ տարածքաշրջանային համագործակցութեան վերլուծական կեդրոնին կողմէ։ «Ֆրիտրիխ Նաուման» հիմնարկն ու ՆԱԹՕ-ի հրապարակային դիւանագիտութեան բաժինն ալ համագործակցած էին կազմակերպիչներուն հետ։
Այս համաժողովին շրջագծով Երեւանի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Վրաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ։ News.am-ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ որեւէ պարագային պիտի չըսէր, թէ իր երկրին տեսակէտէ Ատրպէյճան աւելի կարեւոր է Հայաստանի բաղդատմամբ։ «Ատրպէյճան եւ Հայաստան մեր հարեւաններն են։ Մենք միշտ լաւ յարաբերութիւններ ունեցած ենք Հայաստանի հետ եւ քաղաքական հարթութեան վրայ չունինք որեւէ խնդիր։ Սակայն, դըժ-բախտաբար, Հայաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացած չեն այնքան, որքան քաղաքականը։ Այնպէս որ ես շատ մեծ ներուժ կը տեսնեմ հայ-վրացական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար», ըսաւ Մայա Փանճիքիծէ Երեւանի խորհրդաժողովի ընթացքին։
Իր ելոյթին տեւողութեան նախկին նախարարը շեշտեց, որ եթէ Վրաստան անդամակցի ՆԱԹՕ-ին, ապա այդ մէկը Թիֆլիզի եւ Երեւանի յարաբերութիւններուն վրայ անդրադարձ մը պիտի չունենայ։