ԷՐՏՈՂԱՆ-ՄԵՐՔԷԼ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ վերջին շրջաններուն ատեն-ատեն կը յառաջանան տարակարծութիւններ եւ լարուածութիւններ։

Էրտողան եւ Մերքէլ կանգ առին նաեւ Սուրիոյ իրադրութեան վրայ։ Երկու ղեկավարները այս ամբողջին մէջ խօսեցան գաղթականաց վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ։

Եւրոպայի եւ Անգարայի միջեւ վերջին շրջաններուն վերստին տարակարծութիւններ յառաջացած են եւ միջազգային մամուլին մէջ ալ արձագանգ գտած է, որ Թուրքիա օրակարգի վրայ կը բերէ գաղթականներու վերաբերեալ համաձայնութիւնը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Մերքէլին տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ Սոչիի մէջ մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներու եռակողմանի գագաթաժողովին շուրջ։ Մերքէլն ալ յայտնեց, որ գաղթականներու համար Եւրոմիութեան կողմէ Թուրքիոյ տրուած օժանդակութեան փոխանցման արագացման համար աշխատանք պիտի տանի։

Էրտողան եւ Մերքէլ մատնանշեցին ահաբեկչական բոլոր կազմակերպութիւններու դէմ համագործակցութիւնը։ Անոնք համակարծիք գտնուեցան՝ որպէսզի Գերմանիոյ մէջ կառավարութեան ձեռաւորման աշխատանքներու աւարտին երկկողմանի բարձր մակարդակի շփումները թափ ստանան։

Հարկ է նշել, որ Էրտողան նախընթաց օր ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Գերմանիոյ Նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէրի հետ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017