ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾ ԺԱՆԵԱԿՆԵՐԸ

Մոսկուայի Զարդական-կիրառական եւ ժողովրդական արուեստի համառուսաստանեան թանգարանի նախաձեռնած «15-րդ գիտական ընթերցումներ նուիրուած՝ Վիքթոր Վասիլենքոյի յիշատակին» միջազգային գիտագործնական խորհրդաժողովին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի «Պատմամշակութային արգելոց թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն ՊՈԱԿ»ի գիտահետազօտական բաժնի վարիչ Կարինէ Բազէեան։  Խորհրդաժողովի մասնակիցներու կարգին գտնուած են Ռուսաստանի, ԱՊՀ-ի եւ արտասահմանեան տարբեր երկիրներու եօթանասուն մասնագէտներ՝ պատմաբաններ, վերականգնողներ, արուեստագէտներ, անկախ հետազօտողներ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Ռուսական ոճ. ազգային ինքնութեան փնտռտուքներու մէջ» խորագրեալ միջոցառման զեկուցումները վերաբերած են զարդական-կիրառական արուեստի եւ ձեւաւորման մէջ առկայ ազգային աւանդոյթներուն, թանգարանային առարկաներու որոշարկման ու վերականգնման, գեղարուեստական արհեստագործութեան պահպանման ու զարգացման հարցերուն, ինչպէս նաեւ 21-րդ դարու զարդական արուեստի, նորաձեւութեան ու ձեւաւորման ցուցադրութեան կազմակերպման հիմնախնդիրներուն:

ՊՈԱԿ-ի գիտահետազօտական բաժնի վարիչ Կարինէ Բազէեանի «Հայկական ժանեակ. աւանդականը ու նորը» զեկուցումը ուղեկցուած է լուսապատկերային ցուցադրութեամբ: Ան խօսած է հայկական ասեղնագործ ժանեակներու առանձնայատկութիւններու, աւանդական զարդայօրինուածքներու եւ զարդահամալիրներու մասին, համեմատած է զանոնք ժամանակակից ժանեակներու հետ: Կարինէ Բազէեան ներկայացուցած է ժողովրդական վարպետ Լենա Կորկինեանի ասեղնագործ ժանեակները, որոնք կ՚առանձնանան նոր մեկնաբանութեամբ եւ շատ ընդհանրութիւններ ունին հայկական խաչքարերու հետ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017