ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Ան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի ժողովին։ Սա այս ձեւաչափով առաջին հանդիպումն էր։ Եռակողմանի հանդիպման մասնակցելու առընթեր, Չավուշօղլու առանձին հանդիպումներ ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլուի հետ տեսակցելու ընթացքին Իլհամ Ալիեւ կանգ առաւ եռակողմանի ժողովի կարեւորութեան վրայ։ Ան յոյս յայտնեց, որ այս երեք երկիրներու միջեւ համագործակցութեան նոր դրութիւն մը պիտի հաստատուի։

Ալիեւի հետ զրուցելու ընթացքին Չավուշօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան լուրջ դեր մը կը խաղան տարածքաշրջանի կայունութեան տեսակէտէ։ Նախարարին խօսքերով՝ այս երկու երկիրներուն Վրաստանի, Թիւրքմենիստանի եւ Իրանի հետ կազմած եռակողմանի ձեւաչափերը պիտի նպաստեն տարածքաշրջանի կայունութեան եւ ամրապնդման։ Հիմա նման ձեւաչափով գործակցութիւն մը կը հաստատուի նաեւ Փաքիստանի հետ։ «Տնտեսութեան, ուժանիւթի, փոխադրութեան ու պաշտպանութեան նման բնագաւառներու մէջ վստահ ենք, թէ կարեւոր ծրագրեր կեանքի պիտի կոչենք եղբայր Ատրպէյճանի հետ», ըսաւ Չավուշօղլու։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ

Միւս կողմէ, Էլմար Մամետեարով «ԱՓԱ» գործակալութեան յայտնեց, որ 6 Դեկտեմբերին Վիեննայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Մամետեարով յայտնեց, որ հաւանութիւն տուած է այս հանդիպման համար։ «Մենք միշտ կ՚ըսենք, որ բանակցութիւնները պէտք է ըլլան բանական։ Մոսկուայի հանդիպման ընթացքին մենք համանախագահներուն հետ ունեցանք խոր եւ մանրամասն քննարկումներ։ Համանախագահները տակաւին պիտի շարունակեն բանակցութիւնները այս ուղղութեամբ», ըսաւ Մամետեարով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017