«G20»Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Արժանթինի մայրաքաղաքը՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցաւ Մեծն քսանեակի («G20») գագաթաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Երկօրեայ գագաթաժողովը սկսաւ երէկ։ Արժանթինի նախագահ Մորիսիօ Մաքրիի տանտիրութեամբ կազմակերպուած գագաթաժողովի ընթացքին աշխարհի այս յառաջատար ուժերուն ներկայացուցիչները համախմբուեցան բազմակողմանի օրակարգով մը։ Գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարները մասնաւոր քննարկում մը ծաւալեցին արդար ու տեւական ապագայի մը հարցին շուրջ։ Անոնք ուշադրութեան առարկայ դարձուցին նաեւ այլ նիւթեր, որոնց շարքին էին՝ առաջնորդուիլ մարդակեդրոն սկզբունքներով, համաշխարհային տնտեսութեան ու աշխատանքային կեանքի ապագան եւ այդ ամբողջին մէջ կանանց դերակատարութեան ամրապնդումը։ Գագաթաժողովի օրակարգին վրայ նախատեսուած քննարկումներուն առընթեր, մասնակից ղեկավարները ներկայ գտնուեցան նաեւ զանազան գեղարուեստական կամ միջազգային ձեռնարկներու։

Շուրջ 15 հազար հոգի մասնակցութիւն կը բերէ Մեծն քսանեակի այս գագաթաժողովին, որու ընթացքին տեւական զարգացման եւ կլիմայի տեւականացման նիւթերու շուրջ ընդհանուր համաձայնութեան մը հասնելու ուղղութեամբ քննարկումներ ալ կը ծաւալուին։ Հնարաւորութիւններու ստեղծման, ենթակառուցուածքներու, ուժանիւթի եւ սնունդի տեւական ապագայի վերաբերեալ խնդիրներն ալ Պուէնոս Այրէսի գագաթաժողովի ընթացքին կը գտնուին օրակարգի վրայ։

Աշխարհի բոլոր կողմերէն աւելի քան 3 հազար զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ ալ կը հետեւին Մեծն քսանեակի գագաթաժողովին։ Ինչպէս միշտ, Արժանթինի գագաթաժողովն ալ կը զուգորդուի բողոքի ցոյցերով։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Պուէնոս Այրէսի այս հաւաքի ընթացքին երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու ղեկավարները զրուցեցին ոտքի վրայ։ Անոնք արդէն Պուէնոս Այրէս մեկնելէ առաջ ունեցած էին հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին համաձայն գտնուած էին Մեծն քսանեակի գագաթաժողովի ընթացքին զրուցելու մասին։ Գագաթաժողովի նիստերու սկիզբէն առաջ տեղի ունեցաւ Էրտողանի եւ Թրամփի զրոյցը։ Հանրապետութեան նախագահի կողքին էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, իր բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն եւ նախագահութեան հաղորդակցութեան գծով պատասխանատու Ֆահրետտին Ալթուն։ Պաշտօնական աղբիւրները առանձնապէս մանրամասնութիւն մը չփոխանցեցին Էրտողան-Թրամփ զրոյցի բովանդակութեան շուրջ, սակայն նախապէս յայտարարուած էր, որ անոնք պիտի անդրադառնային Ռուսաստան-Ուքրայնա յարաբերութիւններու լարուածութեամբ պայմանաւորուած Սեւ ծովու իրավիճակին, տարածքաշրջանային ընդհանուր կացութեան եւ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2018