ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻ ՊԱՀԱՆՋՈՎ ՑՈՅՑԵՐԸ ՉԵՆ ԴԱԴՐԻՐ

Երեւանի մէջ կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։ Երէկ ալ՝ մանաւանդ երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցան նման ցոյցեր, որոնց միջամտեցին իրաւապահ մարմինները։ Բազմաթիւ ցուցարարներ ձերբակալուեցան ոստիկանութեան կողմէ։ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն հանդիպումներ ունեցաւ իրաւապահ մարմիններու եւ դատաիրաւական համակարգի ղեկավարութիւններուն հետ։ Սա, անշուշտ, կը մեկնաբանուի ներքին քաղաքական առկայ լարուածութեան եւ իր մատնուած քաղաքական անելի համայնապատկերին վրայ։ Ընդդիմադիր շրջանակները քննադատութիւն օրակարգի վրայ բերին, թէ ան այսպիսի քայլ մը առնելով խախտած է սահմանադրական լիազօրութիւնները։

ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ

Միւս կողմէ, Սիւնիքի մարզպետ Յունան Պօղոսեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Սիւնիքի մարզը կը գտնուի Հայաստանի հարաւին եւ մարզպետի հրաժարականը համընկնեցաւ Լաչինի շրջանի հայկական զօրքերէ դատարկման ժամկէտին։ Ան մարզպետի պաշտօնը պիտի շարունակէ մինչեւ կառավարութեան կողմէ համապատասխան որոշման առնուիլը։

Յունան Պօղոսեան 2018 թուականի հոկտեմբերէն ի վեր կը զբաղեցնէր Սիւնիքի մարզպետի պաշտօնը։ Աւելի առաջ ան Հայաստանի ոստիկանապետի առաջին տեղակալն էր։

ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԷՆ ՀԵՐՔՈՒՄ

Մինչ այդ, Փաշինեան կը շարունակէ ընկերային ցանցերու վրայ պնդումներ օրակարգի վրայ բերել պատերազմական օրերու իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ վերջին օրերուն ան անդրադարձաւ պատերազմի օրերուն նախատեսուած, սակայն այդպէս ալ չկայացած՝ նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի Մոսկուա այցելութեան նիւթին։ Փաշինեանի պնդումները բաւական ծանր ձեւով հերքուեցաւ երկու նախկին ղեկավարներուն կողմէ։ Ռոպերթ Քոչարեանի բանբերը՝ Վիքթոր Սողոմոնեան այդ բոլորը որակեց Փաշինեանի հերթական սուտը։ Ան ըսաւ, որ նենգափոխումը եւ սուտը անբաժան են Փաշինեանէն։

Իր կարգին, Տէր-Պետրոսեանի բանբերը՝ Արման Մուսինեան արձագանգեց ըստ հետեւեալի. «Նախագահ Տէր-Պետրոսեան անիմաստ կը համարէ անդրադառնալ ազգակործան պատուհասի հոգեկան տուայտանքներուն։ Ի՞նչ որ կ՚ուզէ թող դուրս տայ։ Միեւնոյնն է՝ ան արդարանալու որեւէ ճար չունի։ Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չներէ իրեն»։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2020