ԶՕՐԱԿՑԻՆՔ ԺԱՄԱՆԱԿ-ԻՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած տագնապին արձագանգները կը շարունակուին զանազան հարթութիւններու վրայ։ Երեւանակեդրոն «Արեւելք» կայքէջն ալ վերջերս արձագանգեց թերթիս դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Այս կայքէջին գլուխը կը գտնուի մեր ընթերցողներուն թէ՛ շատ ծանօթ եւ թէ շատ սիրելի անուն մը՝ Սագօ Արեան։ Յամենայնդէպս, ան չէ փափաքած ԺԱՄԱՆԱԿ-էն հնչած ահազանգին արձագանգել՝ որպէս այս թերթին աշխատակիցը եւ աւելի արհեստավարժ զօրակցութեան ձեւաչափ մը նախընտրելով՝ իր ղեկավարած «Արեւելք» կայքէջի խմբագրականը յատկացնել այս նիւթին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի հրապարակած խմբագրականը։

*

Օրերս իր 114-րդ տարեդարձը նշած պոլսահայ մամուլի նահապետը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ կ՚ապրի դժուարին օրեր։

Թէ՛ թերթի ճակատին հրապարակուած խմբագրականը եւ թէ թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին կողմէ եղած յայտարարութիւնները կու գան ցոյց տալ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը օրհասի մէջ է, նաեւ տալով ազդանշան մը, որ եթէ դրութիւնը այս ընթացքով շարունակուի, ապա անոր հարիւր եւ աւելի տարիներու երթը կրնայ կորսնցնել իր թափը եւ յոռեգոյն պարագային ալ դադրիլ լոյս տեսնելէ։

Այստեղ հարկ է նշել, որ հակառակ աշխարհով մէջ սփռուած հայկական տպագիր մամուլին պարզած ընդհանուր վիճակին, ԺԱՄԱՆԱԿ շնորհիւ իր աչալուրջ եւ գործունեայ գլխաւոր խմբագրին, խմբագրութեան անդամներուն եւ ողջ անձնակազմին՝ կարողացաւ իրեն համար ուրոյն տեղ մը գրաւել ու այլապէս ալ դառնալ ո՛չ միայն պոլսահայ կեանքի հայելին, այլ նաեւ՝ համահայկական օրակարգերու իրական բարձրախօսը։

Կողմ չունի ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, անոր կողմն ու պատկանելիութիւնը մեր ժողովուրդն է։

Իր տագնապներով, իր այսօրով, իր ցաւերով, իր հարցումներով ու յատկապէս վաղուայ հետ կապուած մեծ հարցադրումներով ու թերեւս հոս է, որ կը գոյաւորուի, յաւելեալօրէն կ՚իմաստաւորուի անոր երթն ու սլացիկ խօսքը։

Գիտենք, հինէն գիտենք, որ ինչպէս սփիւռքի ամենատարբեր գաղութները, նոյնն ալ Պոլիսը, հայկական Պոլիսը ունի իր իւրայատկութիւնները, իր խնդիրները, իր ամէնօրեայ պայքարներն ու վաղուան համար բացուած ամուր առագաստները։

Ու այդ բոլորին մէջ, եթէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին հանդէպ կայ որոշակի անտարբերութիւն, նոյնինքն իր «իւրայիններ»էն, ապա սա այն վիճակն է, որ պէտք է վերջնականապէս փարատի։

Ու այս առումով ալ, եթէ անգամ հեռու մնանք առկայ խնդիրները մանրազնին կերպով «Արեւելք»ի հանրութեան առջեւ ներկայացնելու բարդ ու դժուարին պարտականութենէն, մեզի համար, ինչպէս երէկ, այսօր ալ էական կը մնայ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը դուրս գայ այս դժուարութիւններէն ու վերադառնայ իր շէնշող ու յուսադրիչ վիճակին։

Մանրամասնութիւնները անշուշտ կարեւոր են, սակայն էականը Պոլսոյ սրտէն բխող եւ մեր բոլորին համար սիրելի ԺԱՄԱՆԱԿ-ին օգնութեան ձեռք երկարելն է։

Յուսալի է անշուշտ, որ այսօր Պոլսոյ մէջ այս թերթին հանդէպ առկայ անտարբերութիւնն ալ վերանայ ու հայկական ամենահեռաւոր օճախներուն մէջ մեր ընդհանրական խնդիրներուն սիւն ու թիկունք դարձած մեր հայրենակիցները ամէն գնով փորձեն իրենց «այրիի լումա»ն տրամադրել ԺԱՄԱՆԱԿ-ին, միշտ ունենալով այն ընկալումը, որ մեզի մանաւանդ՝ արեւմտահայերուս համար մեծ իմաստ ու ժառանգութիւն հանդիսացող այդ քաղաքը չկորսնցնէ իր երանգներէն մին ու լռութեան չմատնէ իր ամենաազնիւ ու իրաւացի ձայներէն մին։

Ողջոյններ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժողովուրդին, այն հաւատքով, որ լաւագոյն առիթները դեռ վաղը պիտի գան, յոյսը չմեռնի ու ձայնը զուլալ շարունակէ իր դարաւոր ճամբան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021