ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Հայաստանի Ազգային արխիւն ու Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը կը նախատեսեն բազմաբովանդակ համագործակցութեան սկսիլ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցան արխիւի տնօրէն Գրիգոր Արշակեան եւ համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան, որոնք անդրադարձան համապատասխան նիւթերու։ Այս երկու կառոյցներու համագործակցութիւնը կը նախատեսէ Մերձաւոր Արեւելքէն Հայաստանի Ազգային արխիւին նիւթեր փոխանցելու փափաքն ունեցող անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն հնարաւորութիւն ընձեռել՝ Հայկազեան համալսարանի միջոցաւ։ Միջին Արեւելքի՝ հայկական նիւթերով արխիւային տարրերու ցանկագրման, թուայնացման, մատչելիութեան եւ անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ խորհրդաժողովի մը կազմակերպումն ալ կը նախատեսուի նոյն շրջանակին մէջ։

Երկու կառոյցներու ղեկավարները փոխըմբռնման հասան, որպէսզի Հայկազեանի սաները ամրան շրջանին այցելեն Հայաստանի Ազգային արխիւը եւ փորձաշրջան մը անցընեն։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021