ՄԱԷՍԹՐՈՅԻՆ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱՅԼ

Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) «Շարլ Ազնաւուր» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ յայտնի երգահան, հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպել Տիգրան Մանսուրեանի հետ։ Այս առթիւ վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ մաէսթրոյին յանձնեց ԵՊՀ-ի ոսկէ մետայլը։

«Իւրաքանչիւր ազգ հզօր է իր մեծերով։ Հայ ազգի մեծութիւններէն են Առնօ Բաբաջանեանը, Տիգրան Մանսուրեանը եւ Արամ Խաչատուրեանը։ Այսօր ես անչափ ուրախ եմ, որ Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանողները հնարաւորութիւն ունին տեսնելու, լսելու եւ հարցեր տալու մեծանուն յօրինողին», յայտնեց հանդիպման ընթացքին Յովհաննէս Յովհաննիսեան։

Հարկ է նշել, որ մեծարանքի հանդիսութեան աւարտին ԵՊՀ-ի երգչախումբը կատարեց «Ես իմ անուշ Հայաստանի» ստեղծագործութիւնը, որու երաժշտութեան հեղինակն է մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022