ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ ընդունեց քաղաքիս քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները, հայաբնակ շրջաններու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները եւ այլ կարգ մը հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ հիւրեր։ Այս շրջագծով Պատրիարքարան փութաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, որ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ յղեց մեր համայնքին։ Այլ հոգեւոր առաջնորդներու առընթեր շնորհաւորութեան փութացին Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան, Կղզեաց քաղաքապետ Աթիլլա Այթաչ, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ եւ այլ հիւրեր։
Հանդիպումներուն ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողքին էին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, մեր հոգեւորականաց դասէն այլ անդամներ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ այլ կարգ մը ազգայիններ։