ԿԱՅՈՒՆԱՑՆԵԼ ՎԻՃԱԿԸ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ան­ցեալ տա­րուան վեր­ջին օ­րե­րուն Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ ալ ապ­րուած էին բա­խում­ներ, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով եր­կու կող­մերն ալ տուին զո­հեր։ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը փոր­ձե­ցին ներ­թա­փան­ցել Հա­յաս­տա­նի Տա­ւու­շի մար­զի սահ­մա­նա­կից Չի­նա­րի գիւ­ղը։ Ա­մա­նո­րի նա­խա­շե­մին սահ­մա­նին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած մի­ջա­դէ­պին կա­պակ­ցու­թեամբ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կան ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Սթե­ֆան Վիզ­քոն­թի (Ֆրան­սա) եւ Ռի­չըրտ Հակ­լընտ (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ)։ «Կոչ կ՚ուղ­ղենք կող­մե­րուն դադ­րեց­նել փո­խա­դարձ մե­ղադ­րանք­նե­րը եւ անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել ի­րա­վի­ճա­կը կա­յու­նաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ», նշուած է միջ­նորդ­նե­րու հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ հրա­պա­րա­կուած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշուե­ցաւ, թէ Պա­քու եւ Ե­րե­ւան կը շա­րու­նա­կեն զի­րար մե­ղադ­րել 29 Դեկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նին Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած ներ­խուժ­ման փոր­ձին հա­մար, որ տե­ղի տուած է մարդ­կա­յին զո­հե­րու։ Միջ­նորդ­նե­րը ար­ձա­նագ­րած են նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը տա­կա­ւին ի­րենց մօտ կը պա­հեն մար­տե­րու ըն­թաց­քին սպան­նուած ա­զէ­րի զի­նուո­րի մը մար­մի­նը։ Ա­նոնք կոչ կ՚ուղ­ղեն ան­յա­պաղ վե­րա­դարձ­նել ա­ճիւն­նե­րը՝ յի­շեց­նե­լով այս խնդրի բա­ցա­ռա­պէս մար­դա­սի­րա­կան բնոյ­թը։ Ա­նոնք ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նած են զո­հուած զի­նուոր­նե­րու հա­րա­զատ­նե­րուն եւ այն բո­լոր հա­յե­րուն եւ ա­զէ­րի­նե­րուն, ո­րոնց հա­մար Նոր տա­րուայ հետ կա­պուած յոյ­սե­րը մթագ­նուե­ցան ա­նի­մաստ կո­րուս­տի վշտին հե­տե­ւան­քով։ Միջ­նորդ­նե­րու հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ընդգ­ծուած է հե­տե­ւեա­լը.

«Հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը ան­թոյ­լատ­րե­լի են ու կը հա­կա­սեն այն պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, զորս ստանձ­նած են կող­մե­րը։ Ուժ չկի­րա­ռե­լու հա­մար ամ­բողջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը վի­ճա­կի ա­նոնց։ Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կոչ կ՚ուղ­ղեն Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վար­նե­րուն՝ որ­պէս­զի խստօ­րէն պահ­պա­նեն Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, նե­րա­ռեալ՝ հնա­րա­ւո­րինս կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին վերջ­նա­կան տես­քի բե­րել ԵԱՀԿ-ի դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւ­նը»։

Միջ­նորդ­նե­րու այս հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թե­նէն քա­նի մը օր ա­ռաջ ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին ապ­րուած դէպ­քին անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ Մով­սէս Յա­կո­բեան։ Ան յայտ­նեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու յար­ձակ­ման ըն­թաց­քին սպան­նուած ա­զէ­րի զի­նուո­րին դիա­կը տա­կա­ւին հայ­կա­կան կող­մին մօտ կը գտնուի։ Իր խօս­քե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան տի­րա­պե­տած տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ հա­սա­նե­լի չէ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար։ Հա­սա­րա­կու­թեան կը տրա­մադ­րուի այն տե­ղե­կու­թիւ­նը, որ խորհր­դա­պա­հա­կան բնոյթ չու­նի։ Դեկ­տեմ­բե­րի 29-ին սահ­մա­նին վրայ պա­տա­հա­ծը վեր­լու­ծուած է ման­րա­մաս­նօ­րէն։ «Կրնամ միայն ը­սել, թէ հա­կա­ռա­կոր­դը, որ կա­տա­րած է ա­ռա­ջադ­րանք, խո­ցուած է եւ այժմ դին մեր մօտ է։ Մնա­ցած տե­ղե­կու­թիւ­նը գաղտ­նի է։ Միայն կրնամ ը­սել, թէ խում­բը, որ մեկ­նած է ա­ջակ­ցե­լու, գոր­ծած է բա­ւա­կան հմուտ եւ հա­կա­ռա­կոր­դին հնա­րա­ւո­րու­թիւն չէ տուած նպա­տա­կը ի­րա­կա­նաց­նե­լու», ը­սաւ Մով­սէս Յա­կո­բեան եւ ա­ւել­ցուց, որ ա­ռաջ­նագ­ծի՝ ար­դիա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րով օժ­տուե­լուն շնոր­հիւ հնա­րա­ւոր ե­ղած է կան­խա­գու­շա­կել հա­կա­ռա­կոր­դի յար­ձա­կու­մը ու ձեռ­նար­կել հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջոց­նե­րու։ Ըստ ի­րեն, ան­ցեալ Ապ­րի­լի պա­տե­րազ­մէն վերջ ա­ռաջ­նագ­ծին վրայ տե­ղա­ւո­րուած սար­քա­ւո­րում­նե­րը կու տան դրա­կան ար­դիւնք­ներ, հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռեն ժա­մա­նա­կին նկա­տել հա­կա­ռա­կոր­դի յար­ձա­կու­մը եւ ի­րա­կա­նաց­նել կան­խար­գե­լիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։  

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017