ՌԷՈՒՎԷՆ ՌԻՎԼԻՆԻ ԹԻՖԼԻԶ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Իսրայէլի Նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ։ Վրաստանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Ռիվլինը։ Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Ռիվլին տեսակցեցաւ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի, Խորհրդարանի նախագահ Իրակլի Քոպախիծէի, Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Սփութնիկ» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Մարկվելաշվիլի եւ Ռիվլին Թիֆլիզի մէջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեցին խորացնելու համար երկու երկիրներու յարաբերութիւնները։ Անոնք նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին ընդլայնուած ձեւաչափով բանակցութիւնները։ Կողմերը կանգ առին գործարարութեան, տնտեսութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան բնագաւառներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն վրայ։
Ռիվլինի այցը զուգադիպեցաւ երկու երկիրներու միջեւ դիւնագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի յոբելենական շրջանին։
ՃԱՆԵԼԻԾԷ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Միւս կողմէ, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Անգարա։ Օրուան տեւողութեան ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Կողմերը կը քննարկեն առկայ ընթացիկ հարցերը՝ իրենց արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան ոլորտի գերակայութիւններու լոյսին տակ։ Օրակարգի վրայ կու գան Թուրքիա-Վրաստան բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի աշխատանքները։ Նկատի ունենալով, որ այս օրերուն Անգարայի մէջ տեղի կ՚ունենայ դեսպաններու տարեկան խորհրդաժողովը՝ Ճանելիծէ մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ այդ հաւաքոյթին ու հանդէս կու գայ ելոյթով մը։