ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ, ՈՐ ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆ ՅԱՐԳԵՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԻՐԵՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները վերստին անհանգստացուցիչ հունի մը մէջ ընթանալ սկսած են Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Երկրի ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ զօրքերը վերջին շրջանին լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկած են՝ Իտլիպ քաղաքը իրենց հակակշռին տակ առնելու նպատակով։ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի համատեղ նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ մէջ հաստատուած են «նուազ լարուածութիւնով» գօտիներ եւ այս ամբողջին մէջ այդ շրջաններու մօտակայքին տեղակայուած են թրքական զօրքեր։ Այս իրավիճակին մէջ Անգարայի տեսակէտէ առանձնապէս մտահոգիչ դարձած են վերջին իրադարձութիւնները։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առաւօտ «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ Իրան եւ Ռուսաստան պէտք է յարգեն իրենց պատասխանատուութիւնները ու պէտք է կասեցնեն Սուրիոյ կառավարական ուժերը։ Արդարեւ, Չավուշօղլուի խօսքերով՝ Սուրիոյ կառավարական զօրքերը հրադադարը կը խախտեն այն գօտիներէն ներս, ուր լարուածութիւնը պէտք է նուազեցուի։ Որպէս Էսատի վարչախումբի երաշխաւորները՝ Մոսկուա եւ Թեհրան պէտք է կասեցնեն այդ գործողութիւնները։

Անդրադառնալով Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման հետամուտ՝ Սոչիի մէջ նախատեսուած ժողովին՝ նախարարը կրկնեց, թէ Թուրքիա ներկայ չ՚ըլլար այն միջավայրի մէջ, ուր ԵՓԿ-ի մասնակցութիւնը խնդրոյ առարկայ է։ Հարկ է նշել, որ Անգարայի մօտ Ռուսաստանի եւ Իրանի դեսպաններն ալ երէկ հրաւիրուեցան Արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ թրքական կողմի համապատասխան պահանջները յանձնուեցան իրենց նկատառման։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՊԱՂՏԱՏ

Միւս կողմէ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ անդարդարձաւ Թուրքիա-Իրաք յարաբերութիւններուն։ Նախարարը տեղեկացուց, որ 21 Յունուարին պիտի այցելէ Պաղտատ։ Շփումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Բաց աստի, Պաղտատի եւ Էրպիլի յարաբերութիւններու պարագային Անգարային կը հասնին պահանջներ՝ որպէսզի ըլլայ միջնորդ։ Հետեւաբար, Չավուշօղլուի Պաղտատի շփումներուն ժամանակ անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ սոյն խնդրին։

Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերը պարզ օդային յարձակում մը չեն իրականացուցած Իտլիպի վրայ։ «Վարչախումբը կը յառաջանայ Իտլիպի մէջ։ Այստեղ մտադրութիւնը տարբեր է», ըսաւ ան։ Բաց աստի, նախարարը աւելցուց, որ եթէ այստեղ նպատակն է ապահովել՝ որպէսզի չկամութիւն դրսեւորող ընդդիմադիր խմբաւորումները մասնակցութիւն բերեն Սոչիի մէջ նախատեսուած հաւաքին, ապա այդ հաշուարկն ալ անպայման պիտի ձախողի։ Արդարեւ, Սոչիի մէջ քաղաքայիններու մասնակցութեամբ նախատեսուած քննարկումները արդիւնաւէտ կրնան ըլլալ՝ եթէ բախումները դադրին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2018