ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանին մէջ ներկայ տարուան տեւողութեան պիտի բացուի Հայաստանին ու հայկական մշակոյթին ձօնուած ցուցահանդէս մը։ Թէեւ տակաւին Սեպտեմբեր ամսուան մէջ տեղի պիտի ունենայ բացումը, սակայն հայկական աշխարհին մէջ հետաքրքրութիւնը զգալի դարձած է այժմէն։ Այս մթնոլորտին մէջ զանազան մասնագէտներ ալ կ՚անդրադառնան ցուցահանդէսին եւ անոր նշանակութեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան յայտնեց, որ Մեթրոփոլիթըն թանգարանի ցուցահանդէսին բացումը նախատեսուած է Սեպտեմբերին ու պիտի տեւէ շուրջ չորս ամիս։ «Պիտի ցուցադրուին երեք տեղերէ ցուցանմոյշներ. Մատենադարանէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն եւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն։ Մենք կը տրամադրենք 28 ձեռագիր։ Ես կը կարծեմ, թէ սա պիտի նպաստէ մեր արժէքներու ծանօթացման։ Այս գործընթացը սկսած է երկու տարի առաջ եւ անցած է բաւական լաւ նախապատրաստական փուլերէ», ըսաւ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան։

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի փոխ-տնօրէն Իվեթա Մկրտ-չեանն ալ «Արմէնփրէս»ի հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, որ թանգարանը այս ցուցահանդէսին ընթացքին պիտի ներկայացնէ 5-6-րդ դարերու քանդակարուեստի նմոյշներ. օրինակ՝ խաչքարեր, որմնաքանդակներ եւ այլն։ Պիտի ներկայացուին նաեւ կիրառական արուեստի առարկաներ, ոսկերչութեան նմոյշներ։ Անոնք կը պատկանին 11-13-րդ դարերուն։ «Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանէն եկած մասնագէտներուն հետ քննարկած ենք, ընտրուած են այն ցուցանմոյշները, որոնք պիտի ներկայացուին ցուցահանդէսին։ Այսինքն՝ ցուցանմոյշներու ընտրութիւնը կատարած ենք միասին», ըսաւ Իվեթա Մկրտչեան։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի ներկայացնէ ընդհանուր առմամբ քսան ցուցանմոյշ, որոնց շարքին՝ խաչքարեր, Մայր Տաճարի քարակերտ մանրակերտը, արծաթեայ եկեղեցական մասունքարաններ, բանուած իրեր, վարագոյրներ։ Ցուցանմոյշները կը պատկանին վաղ միջնադարէն մինչեւ 18-րդ դարու ժամանակաշրջանին։ «Արմէնփրէս»ի հետ զրուցելու ընթացքին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արխիւի եւ ձեռագրերու պահոցի տնօրէն Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան ըսաւ. «Համաշխարհային խոշորագոյն թանգարաններէն մէկուն մէջ կը սպասուի շատ կարեւոր ձեռնարկի մը։ Սա խոշոր ցուցահանդէս մըն է, որ կը ներկայացնէ մեր ժողովուրդի մշակոյթը, քրիստոնէական շրջանը։ Հայ մշակոյթի ծանօթացման տեսակէտէ կարեւոր ձեռնարկ մըն է»։

Տ. Ասողիկ Քահանայ Կարապետեան մատնանշեց, որ Մեթրոփոլիթըն թանգարանի ցուցահանդէսին համար նախատեսուած է նաեւ քաթալոկի մը հրատարակութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2018