ԴԱՐՁԵԱԼ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի կառավարութեան կառուցուածքին մէջ այս շրջանին տեղի կ՚ունենայ վերաձեւաւորում մը։ Այսպէս, կը վերահաստատուի Ներքին գործոց նախարարութիւնը։ Երկար ժամանակէ ի վեր այսպիսի նախարարութիւն մը գոյութիւն չունէր եւ երկրէն ներս կար միայն Ոստիկանութիւն։ Այժմ, կառավարութեան կառուցուածքի վերաձեւաւորման զուգահեռ կը կատարուին նաեւ նոր նշանակումներ։ Երէկուան դրութեամբ Հայաստանի ներքին գործոց նախարար նշանակուեցաւ Վահէ Ղազարեան։ Այսպէս, նշանակումը կատարուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկին հիման վրայ։ Հարկ է նշել, որ Վահէ Ղազարեան մինչ այդ կը զբաղեցնէր ոստիկանապետի պաշտօնը։

Այս նշանակման առընթեր, Արամ Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ ոստիկանութեան պետ եւ ներքին գործոց փոխ-նախարար։ Բաց աստի, նշանակուեցաւ եւս երկու փոխ-նախարար։ Անոնցմէ մին է Դաւիթ Համբարեան, որ արտակարգ իրավիճակներու փոխ-նախարարն էր, իսկ միւսը՝ Արփինէ Սար-գըսեան, որ արդարադատութեան նախարարի տեղակալն էր։ Այսպէսով Համբարեանն ու Սարգսեանն ալ նշանակուեցան ներքին գործոց փոխ-նախարարներ։

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2023