ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԿՈՉ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես վերահաստատեց իր կոչը, որպէսզի ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը ապահովուի Լաչինի միջանցքով։ Մինչ Արցախի շրջափակումը արդէն կը թեւակոխէ առաջին ամիսը՝ Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք «Արմէնփրէս» գործակալութեան ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Ընդհանուր քարտուղարը ներկայ իրավիճակին վերաբերեալ իր մտահոգութիւնները յայտնած էր 14 դեկտեմբեր 2022 թուականի իր յայտարարութեան մէջ։ Այս մտահոգութիւնները քարտուղարութեան կողմէ բարձրաձայնուած են նաեւ 20 դեկտեմբեր 2022 թուականին՝ Հայաստանի դիմումով տեղի ունեցած Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին ժամանակ։ Ընդհանուր քարտուղարը կը վերահաստատէ իր կոչերը՝ նուազեցնելու լարուածութիւնը եւ ապահովելու միջանցքով ազատ ու անկախ տեղաշարժը՝ ըստ աւելի վաղ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն։ Ան իր աջակցութիւնը կը յայտնէ միջնորդական ջանքերուն»։

Մինչ Արցախի մէջ իսկական մարդասիրական տագնապ մը կը յառաջանայ՝ Սթեֆան Տիւժարիք ըսաւ. «ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակեն տեղւոյն վրայ բաց պահել կապը իշխանութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ։ Անոնք պատրաստ են արձագանգել, եթէ ըլլայ դիմում եւ թոյլ տան պայմանները»։

Մինչ այդ, հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտաւ, որ Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները այցելած են Պաքուի հայ գերիներուն, որոնց հնարաւորութիւն տրուած է հեռախօսազրոյցներ ունենալու։

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի առկայ իրադրութիւնը երէկ արձագանգ գտաւ նաեւ Վատիկանի մէջ։

Այսպէս, Հռովմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը տարեկան հանդիպումը ունեցաւ՝ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հետ։ Ներկայ էր նաեւ Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան։ Սրբազան Պապը ելոյթին մէջ անդրադարձաւ զանազան տարածաշրջաններէն ներս շարունակուող հակամարտութիւններուն։

«Մասնաւորապէս կը մտածեմ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին մասին։ Կոչ կ՚ուղղեմ կողմերուն՝ յարգել հրադադարը եւ կը վերահաստատեմ, որ ռազմագերիներու ու պատանդներու ազատուիլը կարեւոր քայլ մը պիտի հանդիսանայ այդքան ցանկալի խաղաղութեան պայմանագրին համար», նշեց Քահանայապետը։

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2023